«Ասատ Այլեւս Օրինականութենէ Զուրկ Է Եւ Իշխանութեան Վրայ Կը Մնայ Միայն Բռնի Ուժով» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց ցամաքէ ցամաք «Սքոտ» տիպի երեք հրթիռներու Հալէպի վրայ արձակումը, որ 37 զոհ եւ 150 վիրաւոր պատճառած էր:

Նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «այլեւս օրինականութենէ զուրկ է եւ իշխանութեան վրայ կը մնայ միայն բռնի ուժով»` նշելով, որ «Սուրիոյ ամբողջ տարածքին սուրիացիները Ասատէն պահանջեցին իշխանութենէ հեռանալ եւ արտօնել, որ իշխանութիւնը փոխանցուի քաղաքական ղեկավարութեան մը, որ բոլոր սուրիացիներուն իրաւունքները կը յարգէ եւ կ՛աշխատի երկիրը կառուցել»:

Նախարարութիւնը կ՛աւելցնէ, որ Միացեալ Նահանգներ չեն տեսներ որեւէ ցուցանիշ, թէ սուրիացի ժողովուրդը պիտի ընդունի, որ «ձեռքերը արիւնով ներկուած վարչակարգի ղեկավարները» իշխանութեան փոխանցման հոլովոյթին մաս կազմեն:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Սուրիոյ վարչակարգը «բռնատիրական վարչակարգ մըն է, որ իր բռնագրաւուած հողամասերը ազատագրելու կարողութիւնը չունի, սակայն իր ժողովուրդը սպաննելու համար առիւծի կը վերածուի»` աւելցնելով, որ ան որ պատկերասփիւռի պաստառներուն վրայ Սուրիոյ մանուկներուն սպաննուիլը կը տեսնէ եւ ցաւ չի զգար, ապա «ան իսկութեան մէջ բացարձակապէս ոչինչ կը տեսնէ»:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմաթ Եըլմազ յայտնեց, որ Ատանայի եւ Մարաշի մէջ «Փաթրիոթ»-ներու տեղակայումը 15 միլիոն թրքական լիրա, այսինքն` շուրջ կէս միլիոն տոլար պիտի արժէ: Ան ըսաւ, որ «սուրիական վարչակարգը բռնատիրական վարչակարգ մըն է, որուն հակազդեցութիւնները կարելի չէ նախատեսել, մանաւանդ իր ժողովուրդը հրթիռակոծելէն ետք»:

Մինչ այդ, սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը` վկայակոչելով աղբիւրներ, հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը Հալէպի Պոսթան Փաշա թաղամասին մէջ գտնուող Մարզական հիմնարկին մէջ կատարած գործողութեան ընթացքին սպաննած է Ժապհաթ Նուսրայի ղեկավար, արաբական ծագումով «Ապու Պահրի» ծածկանունով անձ մը, ինչպէս նաեւ չորս թուրք սպաներ եւ ութ այլ զինեալներ: Աւելի՛ն. Հալէպի մէջ զինեալ մեծագոյն խմբաւորման` Լիուա Թաուհիտի ղեկավար Ապտել Քատեր Սալեհ վիրաւորուած է: Սուրիական հրետանին Հալէպէն 20 քիլոմեթր արեւմուտք գտնուած Այնճարա գիւղը ռմբակոծելով սպաննած է Լիուա Ահլուլ Պէյթ-ի ղեկավար Ապտօ Զամզամը:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ վիրաւորուած ֆրանսացի լրագրող Օլիվիէ Ֆոազան մահացած է:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )