Ճատրակ. Ռոշֆորի Մրցաշարք. Կարէն Գրիգորեան Հանդիսացաւ 2-րդ
Նախորդ շաբաթավերջին ֆրանսական Ռոշֆոր քաղաքին մէջ աւարտեցաւ ճատրակի միջազգային մրցաշարք մը, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով տիտղոսին տիրացաւ վրացի կրանտմասթըր Տաւիտ Ժոժուա:
Հայ միջազգային ճատրակ խաղացող Կարէն Գրիգորեան, որ մինչեւ 7-րդ հանգրուան կը մնար պարագլուխի դիրքին վրայ, 6,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ 2-րդ:
Սակայն Գրիգորեան նոյն այս մրցաշարքին կայծակնային մրցումներուն 11-րդ հանգրուանէն ետք առանց պարտութիւն կրելու տիրացաւ տիտղոսին:
Իսկ հայրենի կրանտմասթըր Սամուէլ Տէր Սահակեան հանդիսացաւ 4-րդ` ապահովելով 6 կէտ, 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք:
CATEGORIES Մարզական

