Ճատրակ. Նախկին Խորհրդային Միութեան Շրջանաւարտներու Ակումբի Մրցաշարք. Նանօր Առնելեան Հանդիսացաւ Երկրորդ, Իսկ Հրակ Լախեան Եւ Ճիօ Գալուստ` Երրորդ
Երէկ` կիրակի, 24 փետրուարին, Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ճատրակի ակումբին մէջ (Եունեսքոյի շրջան) տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ շուրջ երեսուն երկսեռ ճատրակ խաղացողներու:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին վեց հայեր: Անոնք են` Նանօր Առնելեան, Հրակ Լախեան, Հրայր Գասապեան, Նարօտ Գըլըպոզեան (10 տարեկանէն վար), Ճիօ Գալուստ (12 տարեկանէն վար) եւ Հրակ Գըլըպոզեան (16 տարեկանէն վար):
Անոնք չյաջողեցան որեւէ տիտղոսի տիրանալ, այլ բաւարարուեցան մէկ երկրորդութեամբ եւ երկու երրորդութեամբ:
10 տարեկանէն վար, Նանօր Առնելեան ապահովելով 4 կէտ հանդիսացաւ երկրորդ: Նոյնքան կէտ ապահովելով երրորդ դիրքը գրաւեց Հրակ Լախեան: Տիտղոսին տիրացաւ Մոհամետ Քապալան, որ ապահովեց առաւելագոյն 6 կէտը:
12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Ճիօ Գալուստ ապահովելով 5,5 կէտ գրաւեց երրորդ դիրքը: Առաւելագոյն 7 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով Ժաուատ Ֆարհաթ գրաւեց առաջին դիրքը, իսկ 6 կէտ ապահովելով 2-րդ դիրքը գրաւեց Մոհամետ Ռամմալ:
8 տարեկանէն վար առաւելագոյն 6 կէտէն 4 կէտ ապահովելով Մոհամետ Ժաուիշ հանդիսացաւ առաջին:
14 տարեկանէն վար 4,5 կէտ ապահովելով (6 կէտէն) առաջին դիրքը գրաւեց Ապտել Լաթիֆ Հասան:
Վերջապէս, 16 տարեկանէն վար, առաջին հանդիսացաւ Քարիմ Համուի, որ ապահովեց առաւելագոյն 6 կէտը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Կազմակերպիչ ակումբի նախագահ Հիւսէյն Համմուտ, որ մաս կը կազմէ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիրները անոնց մաղթեց յաջողութիւն` յառաջիկային տեղի ունենալիք այլ մրցաշարքերուն ընթացքին:


