Եգիպտոսի Մէջ Սալաֆական Նոր Կուսակցութիւ՞ն
Եգիպտական կուսակցութիւններու հարցերու մարմինը երէկ հրապարակած իր որոշումով հաւանութիւն յայտնեց սալաֆական նոր կուսակցութեան մը` «Ուաթան»-ի հիմնումին` ղեկավարութեամբ սալաֆական շարժման առաջնորդներէն Իմատ Ապտել Ղաֆուրի: Նոր կուսակցութեան կ՛անդամակցին սալաֆական «Նուր» կուսակցութեան նախկին անդամներ եւ ղեկավարներ:
CATEGORIES Միջազգային

