Պըրրի Ընդունեց Տահերն Ու Մըրատը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Միխայել Տահերը, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրինագիծին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ, որ Պըրրիի հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Մըրատ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն պէտք չէ խուսափիլ` աւելցնելով, որ ինք անձամբ համաձայն է Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածելու եւ համամասնական դրութեան վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու ընտրանքին:
Մըրատ նշեց նաեւ, որ պէտք է հիմնուիլ սահմանադրութեան վրայ եւ այդ իմաստով կառավարութեան մշակած ընտրական օրինագիծը կրնայ ընտրական լաւ օրէնք մը դառնալ:
Միւս կողմէ, Պըրրի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերէն պահանջուած է յանգիլ ընտրական օրէնքի մը, որուն հիման վրայ կարելի ըլլայ արդար ներկայացուցչութիւն ապահովել:
Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց նաեւ, որ պէտք է լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ամբողջական նեցուկ կանգնիլ, որպէսզի անոնք կարենան դիմադրել Լիբանանին սպառնացող բոլոր վտանգներուն, որոնց մէջ կան նաեւ գումարներ պահանջելու նպատակով քաղաքացիներ առեւանգող աւազակախումբեր: