Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Ընտրական Օրինագիծերուն Վերաբերող Հարցեր
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող անկախ քրիստոնեայ երեսփոխաններն ու անձնաւորութիւնները, որոնք շարք մը առաջարկներ ներկայացուցին հանրապետութեան նախագահին:
Պատուիրակութիւնը ինքզինք զետեղեց նախագահ Սլէյմանի տրամադրութեան տակ` շեշտելով, որ ինք պատրաստ է քննարկելու արդիական օրէնք մը եւ լիբանանեան տարբեր կողմերուն ապահովելու ընդարձակ ներկայացուցչութիւն` ընդգծելու համար երկրին սահմանադրութեան անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ ընտրական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ համաձայնութեան կարեւորութիւնը` յանգելու համար լիբանանցիներուն ազգային ձգտումները իրականացնող ընտրական օրէնքի մը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Ժան Օպէյտ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: