ՌԻԱՏԻ ՄԷՋ ՀԱՐԻՐԻ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԿՈՂՄԷ
Հրաժարեալ կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Ռիատի մէջ ընդունուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարար Նայէֆ պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սաուտի կողմէ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Հարիրիի խորհրդականներէն նախկին նախարար Պասեմ Սապաա ու Նատեր Հարիրի եւ Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուներ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն վերաբերող միացեալ հարցեր:
CATEGORIES Լիբանանեան
TAGS վարչապետ Սաատ Հարիրի