Լիբանանեան «Նաշրա» Կայքէջը` Մէջբերելով Էրտողանի Անհիմն Մեղադրանքը, Կը Հաստատէ Խոջալուի «Ջարդ»-ին Հայերու Վերագրումը
Լիբանանեան «Նաշրա» կայքէջը երէկ իր հրապարակած լուրերուն մէջ մէջբերելով Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի յայտարարութիւնը Խոջալուի ենթադրեալ «ջարդ»-ին գծով, իր կարգին հաստատեց Խոջալուի «ջարդ»-ին հայկական ուժերու վերագրումը, հետեւեալ ձեւով.
«Իսկ Խոջալուի ջարդին գծով, զոր հայկական ուժեր գործադրեցին Ազրպէյճանի մէջ, Էրտողան ըսաւ, ո՛չ մենք, ո՛չ ալ ազրպէյճանցի մեր եղբայրները կը մոռնանք, ո՛չ ալ կ՛արտօնենք, որ մոռցուի այս ջարդը»:
Արդարեւ, Թուրքիոյ վարչապետը երէկ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խմբակցութեան շաբաթական նիստին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ թուրք-քրտական յարաբերութեանց մասին խօսելով անդրադարձած էր նաեւ Խոջալուի ենթադրեալ «ջարդ»-ին:
Էրտողան յայտնեց, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը պէտք եղած զօրակցութիւնը չի ստանար ահաբեկչութեան հարցին լուծման համար` յատկապէս ցաւ յայտնելով քաղաքական կուսակցութեանց, մամուլին եւ մտաւորականներու ցուցաբերած անտարբերութեան համար:
«Ի վերջոյ թուրքերն ու քիւրտերը եղբայրօրէն պիտի ապրին Թուրքիոյ մէջ», ընդգծեց Էրտողան:
Միւս կողմէ, թրքական պաշտօնական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» թերթին յայտնեցին, որ իսկական յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրուի թուրք-քրտական թղթածրարին գծով:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, հաւանական է, որ զգալի յառաջդիմութիւն արձանագրուի այս իմաստով եւ ճամբայ հարթէ զինադուլի հաստատման, քրտական «Նեւրուզ»-ի տօնին առիթով, յառաջիկայ 21 մարտին: Աղբիւրները նշեցին, որ Իմրալի կղզիի բանտին մէջ ցկեանս բանտարկուած Ապտիւլլա Օճալան բանտախուցէն թելադրած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներուն` գործակցելու քրտական Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան կուսակցութեան հետ, միակողմանի զինադուլ յայտարարելու Կորդուաց լեռներուն վրայ:
Իսկ ՔԱԿ-ի զինեալները, իրենց կարգին, ճնշում կը բանեցնեն Սուրիոյ քիւրտերուն վրայ` հեռանալու Ասատի վարչակարգէն: «Վերջերս զգալի ճկունութիւն նկատեցինք Սուրիոյ քիւրտերուն մօտ, ինչ որ արդիւնք է Օճալանի ճնշումներուն», ընդգծեցին նոյն աղբիւրները:

