Փարիզէն Հրաչ Վարժապետեան Կը Հաղորդէ. Միջադէպ` Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ Սումկայիթի Ջարդերուն Նուիրուած Ձեռնարկին Ընթացքին

Երէկ երեկոյեան «Ազդակ»-ի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան, որ հաղորդեց, թէ երէկ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ Փարիզի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած` Սումկայիթի ջարդերու տարելիցի նշման նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին արձանագրուած է միջադէպ մը:

Հրաչ Վարժապետեան ըսաւ, որ ձեռնարկին ընթացքին, որուն ներկայ գտնուած են մեծաթիւ ֆրանսացի երեսփոխաններ, երկու հոգի ոտքի չեն կեցած յարգելու Սումկայիթի ջարդերու զոհերուն յիշատակը եւ աւելի՛ն, յայտարարած են, թէ իրենք կը յարգեն միայն Խոջալուի ենթադրեալ ջարդերուն զոհերուն յիշատակը: Յայտնի դարձած է, որ երկու հոգին ազրպէյճանցի են:

Ստեղծուած է իրարանցում: Վարժապետեան անձնապէս հրաւիրած է զանոնք զգաստանալու եւ յարգելու ձեռնարկին նպատակը: Ֆրանսական ոստիկանութիւնը միջամտած է միջադէպին:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ` հետագային:

Share this Article
CATEGORIES