Փորձ Հարցարան. Բախումներէ Եւ Վէճերէ Կը Խուսափի՞ք

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1

Վէճի ընթացքին կը դիմէք թունդ, վիրաւորական արտայայտութիւններու:

– Միշտ
– Երբեմն
– Երբեք

2

Վէճի ընթացքին յիշաչար կը դառնաք` յիշեցնելով դիմացինին նախկին փոքր մեղքերը:

– Միշտ
– Երբեմն
– Երբեք

3

Երեխաներէն ոչ միայն չէք պահեր կողակիցի հետ պատահած նեղութիւնը, այլեւ կը ջանաք զանոնք մղել ձեր կողքին ըլլալու:

– Միշտ
– Երբեմն
– Երբեք

4

Կիրքերը հանդարտելէ ետք իսկ, կը շարունակէք կողակիցի հասցէին ուղղուած հեգնական դիտողութիւնները:

– Միշտ
– Երբեմն
– Երբեք

5

Նոյնիսկ եթէ ձեր երկրորդ կէսը գործէն սպառած տուն մտած է, չէք հանգստանար մինչեւ չվիճիք եւ հարցերը չպարզէք:

– Միշտ
– Երբեմն
– Երբեք

6

Վիճելէ ետք հաշտութեան առաջին քայլը դուք կ՛առնէք:

– Միշտ
– Երբեմն
– Երբեք

7

Հարազատներու հետ խօսակցութեան ընթացքին առիթը չէք փախցներ ձեր երկրորդ կէսին մասին գանգատելու:

– Միշտ
– Երբեմն
– Երբեք

8

Չէք վարանիր յաջորդ օրը ձեր կողակիցին աշխատավայրը հեռաձայնելու եւ նախորդ օրուան վէճը շարունակելու:

– Միշտ
– Երբեմն
– Երբեք

9

Մինչեւ չհաշտուիք, տունը չէք կոկեր, պնակները չէք լուար, կերակուր չէք պատրաստեր…

– Միշտ
– Երբեմն
– Երբեք

10

Զայրացած վիճակի մէջ կը կոտրէք ինչ որ ձեր ձեռքը անցնի:

– Միշտ
– Երբեմն
– Երբեք

ԱՐԴԻՒՆՔ

Երեք հաւանական պատասխաններէն ընտրեցէք մէկը ա.- միշտ-ին տալով 10 կէտ, բ.- երբեմն-ին տալով 5 կէտ, գ.- երբեք-ին` 0:

– Եթէ մինչեւ 25 կէտ հաւաքեցիք, կարելի է շնորհաւորել ձեզ: Եթէ ընտանիքին մէջ երբեմն տարակարծութիւններ կը պատահին, համբերութեամբ եւ իմաստութեամբ միշտ ընդհանուր շահին կը ծառայեցնէք զանոնք:

– Եթէ 25-50 կէտ հաւաքեցիք, ընտանեկան բախումներու ընթացքին խոհեմ եւ ճիշդ կեցուածք կ՛որդեգրէք: Բայց պէտք է խոստովանիլ, որ երբեմն կը մոռնաք դուք ձեզ եւ աննրբանկատ դիտողութիւններ կ՛ընէք դիմացինին, ինչ որ ձեզի վայել չէ:

– Եթէ 50-70 կէտ հաւաքեցիք, ձեզի հետ նոյն յարկին տակ ապրիլը դիւրին չէ: Միշտ դուք ձեզ իրաւացի կը համարէք եւ ատիկա փաստելու համար պատրաստ էք ամէն ինչի:

– Եթէ 70-էն աւելի կէտ հաւաքեցիք, մասնագէտ հոգեբանի կարիքը ունիք: Ինչ կը վերաբերի ձեր դժբախտ կողակիցին, ապա անոր վիճակը երբեք նախանձելի չէ…

 

Առողջապահական

Բուժման Ոչ Աւանդական Մեթոտներ

Չինական ասեղնաբուժութիւն (Acupuncture).- Չիները մեր մարմնին վրան կը նշեն 400 կէտեր, ականջէն զատ, որ ունի 93 իւրայատուկ կէտեր: Այս կէտերը կապուած են մեր մարմնի տարբեր օրկաններու եւ համակարգերու հետ: Հիւանդութիւններու պարագային, յատուկ ասեղներով հասնելով որոշակի խորութեան, խթանելով այդ կէտերը, կարելի է բուժել կամ կանխարգիլել որոշ հիւանդութիւններ եւ հիւանդագին վիճակներ:

Մարձում (Massage).-

Ան կ՛օգնէ արագ վերականգնելու աշխատունակութիւնը, մկանային ուժը: Կարեւոր է մարձումը կատարել ճիշդ, մասնագէտի կողմէ, որպէսզի «եթէ չօգնէ, գոնէ չվնասէ» սկզբունքով: Կ՛օգտագործուի նաեւ կէտային մարձումը, որ պէտք է կատարուի հմուտ մասնագէտի կողմէ: Անիկա ունի բուժիչ, արագ, ամոքիչ եւ կանխարգելիչ ազդեցութիւն: Մարմնի զանազան մասերու վրայ գտնուող զգայուն կէտերը կապուած են մարմնի այս կամ այն գործարանին հետ եւ մարձելով այդ կէտերը` կարելի է ազդել տարբեր օրկաններու աշխատանքին վրայ: Մարձումը արգիլուած է մորթային հիւանդութիւններու եւ ներմորթային ուռերու պարագային:

Սուճոք (Su-Jok).-

Քորէական կէտային մարձում, որ տառացիօրէն կը նշանակէ` ձեռք եւ ոտնաթաթ: Այս մեթոտին օգնութեամբ, ազդելով ձեռքի եւ ոտնաթաթի վրայ գտնուող կէտերուն վրայ, կ՛ախտորոշուին եւ կը բուժուին հիւանդութիւնները, եւ ցոյց կը տրուի անհրաժեշտ առաջին օգնութիւն: Մենք շատ յաճախ չենք ալ մտածեր, որ բոպիկ քալելով կամ ձեռքերով որեւէ աշխատանք կատարելով` մենք կը մարձենք այդ կէտերը: Բուժման այս ձեւը պարզ է, անվտանգ, արդիւնաւէտ եւ արագ:

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Ինչպէ՞ս Մեկնաբանել Երեխաներուն
Գծագրութիւնները

Յաճախ ձեր երեխաներուն գծագրութիւնները անհասկնալի խծբծանքներ կը թուին ձեզի, բայց եթէ ուշադիր դիտէք, կը նկատէք, որ այդ նկարով երեխան ամբողջ հոգեվիճակ մը կը պատկերէ: Անհեթեթ խծբծանքը շատ յաճախ կը պատմէ այն, ինչ որ երեխան չի կրնար կամ չ՛ուզեր պատմել:

Նկարի կառուցուածք

Ձեր երեխային տուէք թուղթ եւ գունաւոր ներկեր: Անոր առաջարկեցէք գծել իր ընտանիքը եւ գծագրութեան ընթացքին միջամտութիւններ մի՛ կատարէք, հարցումներ մի՛ ուղղէք:

Գծագրութիւնը աւարտելէ ետք նախ ստուգեցէք, որ արդեօք պատկերուած ընտանիքին անդամներուն թիւը կը համապատասխանէ՞ ձեր ընտանիքի անդամներու թիւին: Եթէ ոեւէ մէկը բացակայ է նկարէն, շատ յաճախ այդ բացակայութիւնը պատճառաբանուած է: Օրինակ` եթէ հայրիկը բացակայ է նկարէն (իբր թէ գործի գացած է), պատճառը պարզապէս այն է, որ հայրիկը քիչ ժամանակ կը յատկացնէ երեխային եւ կամ կոպիտ կը վերաբերի անոր հետ:

– Եթէ փոքրիկ քոյրիկը կը բացակայի նկարէն (իբր թէ քովի սենեակը կը քնանայ), պատճառն այն է, որ երեխան կը նախանձի իր քրոջ, որ աւելի մեծ ուշադրութեան կ՛արժանանայ ընտանիքին անդամներուն կողմէ:

– Երբ երեխան ընտանիքը կը գծէ, առաջինը եւ ամէնէն մեծը կը գծէ իր կարծիքով ընտանիքի անդամներէն կարեւորագոյն անձը: Նկարին վրայ ինքզինք կը պատկերէ այն անձին կողքին, որուն հետ ինք հանգիստ կը զգայ եւ որուն կապուած է:

– Հեռուն կամ անկիւն մը կը գծէ այն անդամը, որ իրեն այդքան ալ սիրելի չէ: Կողմնակի կամ կէս մէջքով պատկերելը նոյնպէս բացասական վերաբերմունքի նշան է:

– Եթէ նկարին վրայ ընտանիքի անդամները զբաղած են որեւէ ընդհանուր գործով, տան մէջ տիրող ջերմ մթնոլորտի ցոլացումն է:

– Եթէ երեխան ինքզինք հեռու գծած է ընտանիքի մնացեալ անդամներէն, կը նշանակէ, թէ տան մէջ ինքզինք օտարացած կը զգայ:

– Եթէ ընտանիքի բոլոր անդամները իրարմէ հեռու գծուած են, պարզ է, որ տան մէջ յարաբերելու եւ կապ հաստատելու դժուարութիւն կայ:

– Երբեմն երեխան նկարին մէջ կը մոռնայ ինքզինք գծելու. պէտք է անմիջապէս պատճառը հարցնէք: Եթէ ան պատասխանէ, թէ թուղթին վրայ տեղ չկար կամ` յետոյ պիտի գծէ, ասիկա մտահոգիչ է. կը նշանակէ, որ ընտանիքին մէջ իրեն համար իսկապէս տեղ չկայ…

Գոյներու ընտրութիւն

Սովորաբար երեխաները գծագրութեան ժամանակ կ՛օգտագործեն 5-էն 6 գոյն: Աւելի մեծ թիւով գոյներու օգտագործումը կը խօսի անոնց յուզական հարուստ աշխարհին մասին: Իսկ քիչ թիւով գոյներու օգտագործումը կը բացայայտէ տուեալ պահուն երեխային ժխտական հոգեվիճակը:

Երեխային կողմէ օգտագործուած իւրաքանչիւր գոյն ունի իր իմաստը. այսպէս`

– Մութ կապոյտը կը բացայայտէ անոր ներքին հարցերն ու դժուարութիւնները:
– Կանաչը կը բացայայտէ անոր հաւասարակշռուածութիւնը, անկախութիւնը, յամառութիւնը, անվտանգութեան ցանկութիւնը:
– Կարմիրը կը բացայայտէ անոր կամքի ուժը, գրգռուածութիւնը եւ յարձակողական տրամադրութիւնը:
– Դեղինը կը բացայայտէ երեխային դրական յուզումները, լաւատեսութիւնը եւ հետաքրքրասիրութիւնը:
– Մանիշակագոյնը կը բացայայտէ անոր անսահման երեւակայութիւնը:
– Սեւը կը բացայայտէ ճնշուածութիւն, բողոք եւ փոփոխութեան փափաք:
– Մոխրագոյնը կը բացայայտէ անտարբերութիւն, օտարացում, հեռանալու փափաք:

Վստահաբար ձեր մէջ ալ փափաք արթնցաւ ձեր երեխային հետ նման փորձ մը կատարելու:

 

Խոհագիր

Բանջարեղէնով Լեցուած
Սմբուկ

Բաղադրութիւն

– 1 քկ սմբուկ` երիզանման կեղուըւած
– 2 դդում` մանր խորանարդաձեւ կտրուած
– 1 միջակ սոխ` մանրուած
– 5-6 սունկ` մանր մանրուած
– 2 պճեղ սխտոր` մանրուած
– 1 միջակ լոլիկ` կեղուըւած եւ մանրուած
– Աղ
– 1/4 թէյի դգալ սեւ փոշի պղպեղ
– Ձէթ` սմբուկը տապկելու

Պատրաստութիւն

1.- Տապակին մէջ դնել 1 ապուրի դգալ ձէթ, աւելցնել մանրուած դդումը, լոլիկը, սոխը, սխտորն ու սունկը եւ եփել: Ապա ցանել աղն ու սեւ պղպեղը:

2.- Տապկել սմբուկը ձէթին մէջ մինչեւ վարդագոյն դառնայ:

3.- 2 սմ չափով ճեղք մը բանալ իւրաքանչիւր տապկուած սմբուկի մէջտեղը: Լեցնել իւրաքանչիւր սմբուկ միջուկով եւ սմբուկը զետեղել ամանի մը մէջ:

4.- Զարդարել անանուխի տերեւներով եւ հիւրասիրել որպէս թեթեւ ախորժաբեր:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Օրհնութիւն

Տարեդարձի սա սեղանիդ քով զուարթ,
Ուր երեք մոմ կեանքիդ գարունը երրեակ
Կ՛ընծայեն մեզ իբրեւ լուսէ պատարագ`
Այսօր կ՛օրհնեմ քեզ աղօթքով հնաւանդ:

Շուրջդ չկան վսեմ դէմքեր ալեւոր,
Ո՛չ ալ, աւա՜ղ, կ՛ըլլայ վրադ հովանի
Հայրենի տան մեր հին կաղնին վիթխարի,
Սակայն իմ մէջ` պապերուդ շո՛ւնչն է հզօր:

Եւ քեզ կ՛օրհնեմ բոլոր անոնց փոխարէն,
Որոնք կեանքէն աչքերնին բաց մեկնեցան,
Որոնց հոգին օրհնէքի տեղ հայրական`
Դարձաւ անէծք աշխարհի չար բախտին դէմ:

Օրերդ ըլլա՜ն ջուրի պէս ջինջ ու յորդուն,
Տանին կարկաչ, տանին ճաճանչ երկնային
Ծարաւահիւծ սրտերու մութ սափորին
Եւ ծաղիկներ սփռեն բոլո՜ր ափերուն:

Երբ հող բռնես` դառնայ ոսկի ափիդ մէջ
Եւ ոսկին պաղ` բուռ մը արեւ կենսատու,
Երբ դուն հպիս ատելութեան ժայռերուն`
Սիրոյ ակեր բխին մատնէդ քու անվերջ:

Քու ցաւերուդ, քու վէրքերուդ հրայրքէն
Թող ուրիշներ քամեն գինին խնդութեան
Եւ արցունքիդ շիթերն անգամ որ կ՛իյնան`
Գիշերն անյոյս թող աստղերով զարդարեն…

Երբ որ, տղա՛ս, իյնաս ճամբայ դուն մինակ`
Մեծ ամբոխներ շարժին խիզախ երթիդ հետ
Եւ ամէնուր քեզ սպասեն ակնդէտ,
Ինչպէս գարնան աւետաբեր ծիծեռնակ…

Մ. ԻՇԽԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )