Ակնարկելով Չեխիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի Մրցումին` «Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Պիտի Ձգտի Առաւելագոյնին» Ըսաւ Վարդան Մինասեան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան կը շարունակէ մնալ լաւատես եւ վստահեցնել, որ Չեխիոյ դէմ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին պիտի ձգտի առաւելագոյնին եւ դրական արդիւնք տալ:

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ ըսելով, որ Մինասեան երկու շաբաթ Անթալիա իր կեցութեան ընթացքին հետեւեցաւ հայկական, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան ակումբներուն մարզական հաւաքներուն եւ փորձ-մրցումներուն, որ ելոյթ կ՛ունենան Հայաստանի ազգային հաւաքականի թեկնածու մարզիկներ:

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջին համաձայն, Մինասեան ընդհանրապէս հետեւած ըլլալով հոն տեղի ունեցած բարեկամական մրցումներուն, լաւ տպաւորութիւն ստացած է Ռոպերթ Արզումանեանի եւ Ժորա Յովհաննիսեանի մասին:

Սակայն անդրադառնալով Ժորային ան ըսած է, որ ներկայ հանգրուանին պիտի չհրաւիրուի Չեխիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին նախապատրաստական հաւաքին, որովհետեւ այդ դիրքին վրայ (միջնապահ-յառաջապահ) ինք ունի խաղացող բազմաթիւ մարզիկներ:

Մինասեան ըսաւ, որ հաւաքականի թեկնածու Միհայիլ Մարքոսովի կատարած մրցումներուն չէ կրցած հետեւիլ, սակայն Միքայի մարզիչ Արամ Ոսկանեանի տպաւորութիւնը լաւ եղած է անոր մասին: Սակայն ան ըսաւ, որ կարելիութեան պարագային, անպայման պիտի դիտէ Ռուսիոյ ախոյեանութեան գծով անոր կատարելիք մրցումը:

«Ընդհանուր առմամբ այն դիրքերուն համար, ուր մենք հարցեր ունինք, ես հաւաքականին արժանի նոր ֆութպոլիստներ չտեսայ: Բնականաբար, խումբերուն մէջ կը գտնուին ապագայ խոստացող մարզիկներ, սակայն ներկայ հանգրուանին անոնք ցարդ պատրաստ չեն մաս կազմելու հաւաքականին: Ընդհանրապէս, հիմա ստեղծուած է այնպիսի իրավիճակ մը, որ մենք ստիպուած ենք մեր կատարելիք այս նոր հաւաքին հրաւիրել թիւով շատ ֆութպոլիստներ: Մենք կրնանք մեր ընտրութիւնը կատարել` բոլոր մարզիկները փորձելով եւ իրարու հետ համեմատելով: Հակառակ հաւաքականին հետ առնչուող բազմաթիւ խնդիրներուն, պիտի ձգտինք մեր առաւելագոյնը արձանագրել Չեխիոյ դէմ եւ հասնիլ դրական արդիւնքի», եզրափակեց Մինասեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES