«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ռէալ Մատրիտ
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի պիտի ունենան երկուքական ճակատումներ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ չորս խումբեր դուրս պիտի մնան մրցաշարքէն:
Այսօրուան երկու մրցումներն ալ պիտի ըլլան ճակատագրական` նկատի ունենալով, որ երթի մրցումները աւարտած են հաւասարութեամբ:
Ստորեւ կու տանք այսօրուան եւ վաղուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած են երթի մրցումներուն արդիւնքները).
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Պորուսիա Տորթմունտ – Շախտիոր Տոնեցք (2-2) 21:45
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ռէալ Մատրիտ (1-1) 21:45
ՎԱՂԸ
Եուվենթուս – Սելթիք (3-0) 21:45
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Վալենսիա (2-1) 21:45
CATEGORIES Մարզական