Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողովին Նահտա Պար Էլիաս Ենթարկուեցաւ Բաւական Ծանր Պատիժներու
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը բաւական ծանր պատիժներ սահմանեց Բ. դասակարգի կազմերէն Նահտա Պար Էլիասի դէմ` նկատի ունենալով, որ մրցումին իրաւարարը յարձակումի ենթարկուած էր խումբին մարզիկներուն եւ պատասխանատուներուն կողմէ: Ասիկա պատճառ դարձած էր, որ մրցումը կիսատ մնայ:
Նախ եւ առաջ Նահտա Պար Էլիասէն վեց կէտ խլուեցաւ եւ անոր դէմ սահմանուեցաւ 10 միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանք մը: Անոր մարզիկներէն Եուսէֆ Օմար մէկ տարիով կախակայուեցաւ, մինչ ութական մրցումով կախակայուեցան Հիւսէյն Հաուա, Մուսթաֆա Հաժ, Նահետ Սաատ եւ Միշել Հաուա:
Մէկական տարիով կախակայուեցան ակումբին պատասխանատուներէն Մոհամետ Հաուա, Սամեր Մէյս եւ Մահմուտ Սէյֆէտտին, մինչ այլ պատասխանատու մը` Խալետ Թալիանի կախակայուեցաւ մէկ տարիով:
2013-2014 տարեշրջանին սոյն ակումբը իր դաշտին վրայ բոլոր մրցումները պիտի կատարէ օտար դաշտերու վրայ եւ առանց համակիրի:
Իրաւարարին հիւանդանոցային բոլոր ծախսերը, ինչպէս նաեւ Ահտի դաշտին թրիպիւններուն բոլոր վնասները պիտի վճարէ Նահտա Պար Էլիաս:
Անիկա 3-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ Սաժեսի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որ կ՛իյնայ Ա. դասակարգ բարձրանալու փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, մինչ Մապարրա – Սալամ Զղարթա մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգ չփոխադրուելու փլէյ-օֆի մրցումներուն, Նեպի Շիթ յաղթեց ՀՄՄ-ի (2-0), մինչ Ռիատա Ուալ Ատապ – Ֆաժըր Արապսալիմ մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով:
Ֆետերասիոնը յատուկ դասաւորում մը կատարեց Նըժմէի հետ, որպէսզի անոր կատարելիք իւրաքանչիւր մրցումին դաշտ մուտք գործեն 300 համակիրներ, որոնք սակայն պարտին իրենց հետ ունենալ ակումբին կողմէ իրենց տրամադրուած անդամաքարտերը եւ մրցումին տոմսակները:
Ա. դասակարգին մաս կազմող Մահմուտ Սայիտ հինգ մրցումով կախակայուեցաւ, որովհետեւ ունեցաւ ոչ մարզավայել կեցուածք` Սաֆայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին:
Ահլի Սարպա, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Դ. դասակարգի ախոյեանութեան, մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ, որովհետեւ ֆետերասիոնին տոմարներուն վրայ չստորագրուած մարզիկ մը (Մոհամետ Շիտիաք) դաշտ ներկայացուց:
Մնալով նոյն դասակարգին մէջ, Մասիս ակումբին մաս կազմող Հայտար Ֆաքիհ տասը մրցումով կախակայուեցաւ, որովհետեւ ունեցաւ ոչ մարզավայել կեցուածք:
Վաւերացուեցան Լիբանանի կրտսերներու ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները:
Ա. խմբակի մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Նուժում Մուսթաքպալ – Նասըր Հատաս` 4-0, Անսար – Շապապ Ղազիէ` 6-0, Նըժմէ – Սաֆա` 3-1, Շապապ Արապի – ՀՄՄ` 5-0, Ահտ – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 5-2 եւ Աթլեթիքօ Պէյրութ – Իսլահ Պըրժ Շիմալի` 4-1:
Շաբաթավերջին, Բ. դասակարգի փլէյ-օֆի մրցումները տեղի պիտի ունենան ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ.
ՇԱԲԱԹ, 9 ՄԱՐՏ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Սալամ Զղարթա – Սաժես 2:15 Ահտ
Նահտա Պար Էլիաս – Մապարրա 2:15 Սաֆա
ԿԻՐԱԿԻ, 10 ՄԱՐՏ
Ռիատա Ուալ Ատապ – Իսլահ Պըրժ Շիմալի 2:30 Սաֆա
Ֆաժըր Արապսալիմ – ՀՄՄ 2:30 Պէյրութ

