Եւրոպայի Ազատ Ոճի Ըմբշամարտի Ախոյեանութիւն. Յստակացան Հայաստանի Հաւաքականին Մաս Կազմող Մարզիկներուն Անունները
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Պաղտատեան, PanArmenian.Net լրատուական կայքէջին հետ ունեցած իր մէկ զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ յստակացան հաւաքականին մաս կազմող մարզիկներուն անունները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն յառաջիկայ 19-24 մարտին Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Հայաստանի հաւաքականին մաս կը կազմեն Միհրան Ջաբուրեան (55 քկ), Արթուր Առաքելեան (60 քկ), Դաւիթ Սաֆարեան (66 քկ), Գրիգոր Գրիգորեան (74 քկ), Մուսա Մուրթազալիեւ (84 քկ), Էտկար Ենոքեան եւ Անդրանիկ Գալստեան (120 քկ):
Հաւաքականը, որ այժմ ֆութպոլի ակադեմիային մէջ կը պատրաստուի այս ախոյեանութեան, Թիֆլիս պիտի մեկնի յառաջիկայ 17 մարտին:
CATEGORIES Մարզական

