Յառաջիկայ 19 Մարտին. Կէս – Մարաթոնի Վազքի Մրցում` Թրիփոլիի Մէջ

Հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, «Մաան Լուպնան» միութիւնը կը կազմակերպէ կէս-մարաթոնի վազքի մրցում մը` Թրիփոլիի մէջ, չորրորդ տարին ըլլալով: 21,97 քմ երկարութիւն ունեցող այս կէս-մարաթոնին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան 25 երկիրներու երկսեռ վազողներ:

«Մէ՛կ նպատակ` միասին վազենք» բնաբանով այս կէս-մարաթոնը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 19 մայիս 2013-ին:

Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելու նպատակով կազմակերպիչ միութիւնը մօտիկ ապագային պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES