Պասքեթպոլ. Լիբանանի 3×3 Ախոյեանութիւն
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, տեղի պիտի ունենան Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան (3×3) տղոց եւ աղջկանց մրցումները` տարբեր տեսակի դասակարգերուն մէջ, հետեւեալ ձեւով. 18 տարեկանէն վար` տղաք, աղջիկներ եւ վեթերաններ:
Զտումի մրցումները տեղի պիտի ունենան 22-24 մարտին, Լիբանանի բոլոր նահանգներուն մէջ, իսկ աւարտական մրցումները` 12-13 ապրիլին:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ նիւթական պարգեւներ պիտի յատկացուին տիտղոսակիրներուն:
Ինչ կը վերաբերի ախոյեան հանդիսացած խումբերուն, անոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն միջազգային ախոյեանութեան, որուն մանրամասնութիւնները պիտի փոխանցուին յառաջիկային:
CATEGORIES Մարզական

