Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռայա` 3-4

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը` երէկուան մրցումէն առաջ

Երէկ` ուրբաթ, 8 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լեռնալիբանանի նահանգին Ե. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցեցաւ Ռայայի դէմ` Սին էլ Ֆիլի դաշտին վրայ:

ՀՄԸՄ, որ այս նոր տարեշրջանը յաղթանակով սկսած էր, կրեց իր առաջին պարտութիւնը` 4-3 արդիւնքով (կիսախաղ` 3-1, ի նպաստ մրցակիցի կազմին):

Մրցումին առաջին իսկ վայրկեաններուն, թէեւ Մկօ Օտապաշեան նշանակեց սքանչելի կոլ մը, սակայն մրցակից կազմը Ա. կիսախաղին պատասխանեց երեք անգամ:

Բ. կիսախաղին Յակոբ Գուճանեան նշանակեց կոլ մը, որմէ ետք նոյնինքն Օտապաշեան նշանակեց այլ կոլ մը, մինչ ՀՄԸՄ մրցումը կը շարունակէր տասը մարզիկով` Դաւիթ Պէրպէրեանի ստացած կարմիր քարտէն ետք:

Ապա մրցակից կազմը նշանակեց իր չորրորդ կոլը, որ կարելի է նկատել օֆ-սայտ:

Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը թէեւ տպաւորիչ ձեւով սկսաւ մրցումը, սակայն Բ. կիսախաղին յատկապէս, իրաւարարին կողմնակալութիւնը պատճառ դարձաւ, որ մրցումին պատկերը շրջուի եւ մրցակից կազմը, օգտուելով մարզիկի մը առաւելութենէն եւ իր կողքին ունենալով այլ մարզիկ մը` այս պարագային իրաւարարը տանի վերջնական յաղթանակը` 4-3 արդիւնքով:

Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ իրեն մարզիչ ունի Յակոբ Տեմիրճեանը.

ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Կարօ Պապիկեան, Յովիկ Գէորգեան եւ Աւետ Աշգարեան:

ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Ասատուր Տէր Մանուէլեան, Յակոբ Գուճանեան, Գօգօ Թիւթիւնճեան, Նարեկ Յարութիւնեան, Սեւակ Սգայեան, Շանթ Տեմիրճեան, Դաւիթ Պէրպէրեան եւ Յարութ Սնըքճեան:

ՄԻՋՆԱՊԱՀՆԵՐ.- Աւօ Տոնտուրեան, Յարութ Քեչեճեան, Ժաք Պէրպէրեան, Գէորգ Փուշեան, Ներսէս Պէրպէրեան, Սեպասթիան Քոնսթանթին, Սեւակ Գալֆայեան, Վաչէ Ղուկասեան եւ Վարդան Յարութիւնեան:

ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐ.- Աւիկ Յարութիւնեան, Յարութ Մումջողլեան եւ Մկօ Օտապաշեան:

Share this Article
CATEGORIES