ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ, ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ ԵՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻՆ ՄԱՍ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ՀՐԱՒԷՐ ՍՏԱՑԱՆ
Յառաջիկայ 4 յունիսին, Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ (Ռուսիա), տեղի պիտի ունենայ Ռուսիա – Հայաստան դարձի մրցումը:
Այս մրցումին պատրաստուելու համար Հայաստանէն դուրս գտնուող կարգ մը մարզիկներու արդէն իսկ հրաւէրներ ուղարկուած են:
Լեհաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Լեկիայի պաշտօնական կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ յետսապահ Լեւոն Հայրապետեանի հրաւէր եկած է նախապատրաստուելու այդ մրցումին:
Նշենք, որ նախանցեալ օր իր կատարած մրցումին, Լեկիա 3-2 արդիւնքով յաղթեց Քորոնի: Հայրապետեան, թէեւ նկատի առնուած էր որպէս պահեստի մարզիկ, սակայն դաշտ չներկայացաւ:
Հայրապետեանէն բացի, հրաւէրներ ստացան նաեւ Հենրիխ Մխիթարեան (Շախտիոր Տոնեցք) եւ Ռոպերթ Արզումանեան (Փելոսթոք Եաքելոնիա):
CATEGORIES Մարզական