ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿ. ԲԱԶՄԱՁԱՅՆ ԶՐՈՅՑ` ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ 96-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Երէկ` ուրբաթ, 13 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ գրական շրջանակին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ Մեծ եղեռնի 96-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ բազմաձայն զրոյց մը` «Տարագիր արեւմտահայութեան քոնկրես եւ Հայաստանի խորհրդարանի ծերակոյտ» նիւթով: Օրուան զեկուցաբերներն էին մեթր Գասպար Տէրտէրեան, լիբանանահայ մտաւորական Պարոյր Աղպաշեան եւ «Արարատ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ահարոն Շխրտըմեան:

Իւրաքանչիւր զեկուցաբերի տրուեցաւ մօտ 20 վայրկեանի ժամանակամիջոց` ներկայացնելու համար իր տեսակէտը քննարկումի առարկայ դարձած նիւթին շուրջ: Նիւթին առանցքը կազմեց տարեսկիզբին Միացեալ Նահանգներէն Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կատարած յայտնի յայտարարութիւնը` սփիւռքահայութեան ներկայացուցիչները Հայաստանի խորհրդարանին մէջ ներառելու եւ երկպալատ խորհրդարան ստեղծելու մասին, եւ ասոր հակառակ` աւանդական սփիւռքի, իմա` արեւմտայութեան ժառանգորդներու քոնկրես ստեղծելու գաղափարը:

Զեկուցաբերները իրենց ելոյթներուն ընթացքին սեղմ կէտերու մէջ ներկայացուցին ծերակոյտի ստեղծման գաղափարին թերի կէտերը: Անոնք նշեցին, որ Տարագիր արեւմտահայութեան քոնկրեսի ստեղծումը անհրաժեշտութիւն է` Արեւմտահայաստանի հողային պահանջատիրութիւնը յառաջ մղելու համար, այլապէս Հայաստանի մէջ ծերակոյտ ստեղծելով եւ սփիւռքահայութեան ներկայացուցիչները անոր մէջ ներառելով հողային պահանջատիրութեան հարցը աւելի եւս պիտի լուսանցքայնանայ:

Պաշտօնական զեկուցումներէն ետք ներկաներուն առիթ տրուեցաւ իրենց հարցումները ուղղելու զեկուցաբերներուն:

Share this Article
CATEGORIES