ՀՅ Դաշնակցութիւնը Կողմ Է Միաւորման` Առանց Որեւէ Յաւակնութեան
«Մենք փաստօրէն պատրաստ ենք դիմելու մեծագոյն զիջումներուն: Օրինակ` մենք հարց չենք դներ, որ անպայման մեծամասնութիւն ըլլանք կամ առաջին դիրքը մերը ըլլայ: Պատրաստ ենք որեւէ ձեւաչափով միաւորման, բայց ատիկա կը նշանակէ, որ այլ քաղաքական ուժեր պէտք է քիչ մը իրենց փառասիրութիւնը սեղմեն», Henaran.am կայքէջին հետ զրոյցին ընթացքին Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան` իր շուրջը ընդհանուր առանցք ձեւաւորելու յայտարարութեան անդրադարձաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովին ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան:
Դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ ինք չի հասկնար, թէ ինչպէ՛ս կարելի է խօսիլ ուժի առանցքի մը մասին: «Եթէ խօսինք ազգային ընդհանուր առանցքի մը մասին, իշխանութեան հասնելու, իշխանութիւնը փոխելու առանցքի մասին, ասիկա հասկնալի կ՛ըլլայ», աւելցուց Յովհաննիսեան` նշելով, որ կուսակցութեան շուրջ կրնան միաւորուիլ այդ կուսակցութեան անդամները, իսկ միւս կուսակցութիւնները, հասարակական խմբաւորումները կրնան միաւորուիլ գաղափարին շուրջ:
Վահան Յովհաննիսեան անգամ մըն ալ շեշտեց, որ ՀՅԴ համաձայն է միաւորման` առանց որեւէ յաւակնութեան:
«Միասնութիւնը կարեւոր է: Եթէ ուրիշներ ատիկա հասկցան, ուրեմն պիտի երթանք առաջ եւ յաղթենք: Եթէ չհասկցան, ուրեմն նորէն պառակտուած պիտի քալենք: Ասիկա տակաւին քաղաքագիտական լուրջ վերլուծութեան կարիք ունի: Յոյսով եմ, որ միասնաբար հանդէս գալը տակաւին ամբողջապէս բացառուած չէ, բայց մենք անոր համար ամէն ինչ ըրինք», եզրափակեց Վահան Յովհաննիսեան:

