Մաղթանք

Հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը, իր նուիրապետութեամբ, կղերով, կրօնաւորական միաբանութիւններով եւ հաւատացեալներով, իր անխառն ուրախութիւնը կը յայտնէ նորին սրբութիւն Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին, անոր ընտրութեան առիթով: Հաւատացեալներէն կը խնդրէ աղօթք բարձրացնել առ Աստուած, որպէսզի նորընտիր քահանայապետը` իբրեւ յաջորդ Ս. Պետրոսին, կարենայ արդիւնաւոր կերպով հովուել կաթողիկէ եկեղեցին, համամիութեան հոգիով ծառայէ քրիստոնեայ ժողովուրդին, եւ համայն մարդկութիւնը, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ, սիրով առաջնորդէ դէպի խաղաղութիւն:

ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

 

 

Share this Article
CATEGORIES