Իրանեան Օդուժը Փորձած Է Ամերիկեան Առանց Օդաչուի Թռչող Սարք Մը Գրաւել

Փենթակոն կը հաղորդէ, որ իրանեան օդուժին պատկանող կործանիչ մը Արաբական ծոցի միջազգային ջուրերու տարածքին մէջ փորձած է գրաւել ամերիկեան առանց օդաչուի թռչող սարք մը:

Այդ փորձը ձախողութեան մատնուած է, որովհետեւ ամերիկեան օդուժին պատկանող երկու կործանիչներ սարքին օգնութեան փութացած են եւ իրանեան կործանիչը ստիպած իր երկրի տարածքը վերադառնալ:

Յիշեցնենք, որ վերջին ամիսներուն Թեհրան քանի մը անգամ յայտարարած էր ամերիկեան առանց օդաչուի թռչող սարքերու գրաւման մասին: Ամերիկեան կողմն ալ յայտարարած էր, որ պիտի պաշտպանէ իր զինուորական սարքերը:

 

Share this Article
CATEGORIES