Ֆրանսական Կայքէջ Մը Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրէնքին Վերաբերեալ Հարցախոյզ Կը Կատարէ
Ֆրանսական «Նիուզրինկ» կայքէջը ընթերցողներու շրջանակին մէջ Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրման շուրջ հարցախոյզ կը կատարէ` հարցնելով, որ «արդեօք այս օրէնքը անհրաժե՞շտ է, թէ՞ ոչ»:
Քուէարկելու համար պէտք է այցելել հետեւեալ հասցէն http://www.newsring.fr/societe/165-faut-il-une-loi-sur-le-genocide-armenien եւ սեղմել «այո» կամ «ոչ» տարբերակը:
Նշենք, որ երէկուան դրութեամբ հարցախոյզին մասնակցած 327,044 անձերու 59 առ հարիւրը «ոչ» քուէարկած է, իսկ 41 առ հարիւրը` «այո»:
CATEGORIES Հայկական

