«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ – Եուվենթուս Քառորդ Աւարտականի Հետաքրքրական Ճակատումը

Երէկ` ուրբաթ, 15 մարտին, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Նիոնի (Զուիցերիա) կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:

Չորս անգամ տիտղոսին տիրացած Պայէրն Միւնիխ բաւական հետաքրքրական եւ տաք մրցում մը ունի կատարելիք Եուվենթուսի դէմ, որ եօթը տարուան բացակայութենէ մը ետք դարձեալ կը տեսնուի քառորդ աւարտականի հանգրուան հասնող խումբերուն մօտ:

Պարսելոնա իր դէմ պիտի ունենայ Փարիզ Սեն Ժերմենը, մինչ 9 անգամ այս տիտղոսին տիրացած Ռէալ Մատրիտի մրցակիցը պիտի ըլլայ Կալաթասարայ:

Վերջապէս, չորրորդ եւ վերջին մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Մալական եւ Պորուսիա Տորթմունտը:

Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ 2-3 ապրիլին, իսկ դարձի մրցումները` 9-10 ապրիլին:

Share this Article
CATEGORIES