Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ. Տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեան Դասախօսեց Գերճնշուածութեան Եւ Անոր Հետեւանքներուն Մասին
Դարուս, չըսելու համար օրուան ամէնէն ընդհանրացած մտահոգիչ երեւոյթներէն մէկը գերճնշուածութեան ջղաձգային վիճակն է, որ առաւելաբար ծանօթ է «սթրես» անգլերէն բառով: Այս երեւոյթին եւ անոր հետեւանքներուն մասին ուրբաթ, 15 մարտ 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին օգտաշատ եւ շահեկան դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ:
Համազգայինի Անթիլիասի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետ Հիլտա Կարապետեան-Քէօֆթէեան, որ իր ողջոյնի խօսքով հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուան նիւթը` «Գերճնշուածութիւն»-ը եւ բանախօսը` սրտաբան տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեանը:
Տոքթ. Սիմոնեան աւարտելէ ետք Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանը իր ուսումը կատարելագործած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին, ապա` Երեւանի բժշկական հիմնարկին մէջ` մասնագիտանալով սրտաբանութեան ճիւղին մէջ: 1995-էն ի վեր իբրեւ սրտաբան-մասնագէտ կը գործէ: Ան անդամ է Լիբանանի Սրտաբաններու միութեան, ինչպէս նաեւ` Լիբանանահայ բժշկական միութեան: Նմանապէս անդամ է` Եւրոպայի եւ Ամերիկայի սրտաբանութեան միութիւններուն: Ունի հետազօտական բժշկական բազմաթիւ աշխատութիւններ:
Տոքթ. Սիմոնեան աւելի քան մէկ ժամ խօսեցաւ ճնշուածութեան տուն տուող պատճառներուն, հետեւանքներուն, ախտանշաններուն եւ անոր դիմակալման հիմնական քայլերուն մասին: Ան թուեց ճնշուածութեան տեսակները, որոնք կրնան ըլլալ ֆիզիքական, հոգեկան, զգացական ազդեցութիւններով: Նշելով, թէ կան դրական ու բացասական ճնշուածութիւններ, բանախօսը ընդգծեց, որ դրականները ընդհանրապէս ժամանակաւոր կ՛ըլլան, մինչ ժխտականները կրնան շարունակուիլ ու երկար տեւել` յանգելով զանազան հետեւանքներու, ինչպէս` սրտի տագնապ, հոգեկան անհաւասարակշռութիւն եւ այլն: Ճնշուածութիւնը դիմակալելու հիմնական սնունդներ են օրինակ` պանանը, պրոքոլին, կեռասը, նարինջը, սխտորը, խնձորը եւ այլն: Իսկ զայն ֆիզիքապէս դիմակալելու հիմնական միջոցը` մարզանքը: Մարդու առօրեային հետ առնչուող ներքին թէ արտաքին այս գերճնշուածութեան ջղաձգութիւնը` սթրեսը կարելի է «գուշակել» կամ նկատել օրինակ, երբ անհատ մը կը սկսի եղունգը կրծել, կը քրտնի, ջղային վարուելակերպ կ՛ունենայ իր շրջապատին հետ, սրտին զարկերը կ՛արագանան առանց պատճառի (այսինքն` եթէ աստիճան չէ բարձրացած կամ չէ վազած) եւ իբրեւ արդիւնք այլ հետեւանքներու, որոնք կրնան յանգիլ սրտի տագնապի եւ այլ մտահոգիչ վիճակներու: Սահիկներու օգնութեամբ ճնշուածութեան ու սրտին հետ անոր առնչութիւնը բացատրելով` տոքթ. Սիմոնեան շեշտեց այս վիճակը դիմակալելու հիմնական մօտեցումը, որն է` գիտակցիլ ու ընդունիլ, թէ մենք ճնշուածութեան տակ ենք եւ ըստ այնմ ջանալ բարելաւել մեր ապրելակերպը` բժշկական այցելութեամբ, բաւարար քունով թէ յարմար սնունդով: Տոքթ. Սիմոնեան մանրամասն բացատրեց գերճնշուածութեան հետեւանքները յատկապէս սրտի տագնապին գծով, որ երբեմն կրնայ յանգիլ նաեւ ուղեղային կաթուածի: Օրինակ` 80 տարեկան երէց ծերունիին համար արեան ճնշումի զարկերը (թանսիոնը) պէտք է 13-ով 8 ըլլան եւ այլն: Աւարտին, ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

