Դամասկոսի Մէջ Հայ Զինուորական Մը Նահատակուած Է
Դամասկոսի արեւելեան արուարձաններէն Մլեհա-Ժարամանայի շրջանին մէջ կառավարական անցարգելներէն մէկուն վրայ բախումներու իբրեւ արդիւնք ուրբաթ, 15 մարտ 2013-ին նահատակուած է 1992-ի ծնունդ հայ զինուորական Վազգէն Իսհաք Տաղլեանը, որ կը ծառայէր տուեալ անցարգելին վրայ: Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երէկ` Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:
Նշենք, որ Սուրիոյ տագնապին ընթացքին Դամասկոսէն նոյնպէս բանակի ծառայող զինուորական Լեւոն Գույումճեանը նահատակուած էր 29 մայիս 2012-ին:
CATEGORIES Գաղութային

