Մանոյեանի Համաձայն Ֆրանչիսկոս Ա. Պապին Ընտրուիլը Պիտի Նպաստէ Հայ Դատին

Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Արմինֆօ»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Ֆրանչիսկոս Ա. պապի ընտրութիւնը, անկասկած, պիտի նպաստէ միջազգային մակարդակի վրայ Հայ դատի եւ հայկական հարցերու յառաջխաղացքին:

«Սակայն մէկ բան է լինել կարտինալ, մէկ այլ բան` Հռոմի պապ: Թէեւ ես, այնուամենայնիւ, կարծում եմ, որ նա այսուհետեւ էլ կը պահպանի իր դիրքորոշումն այդ հարցին նկատմամբ», յայտնած է Մանոյեան:

Նշենք, որ նորընտիր պապը շատ լաւ եւ բարեկամական յարաբերութիւններ ունեցած է հայութեան հետ: Պուէնոս Այրէսի մէջ ան մասնակից եղած է հայկական զանազան ձեռնարկներու, որոնց կարգին Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման, ինչպէս նաեւ ներկայ եղած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսին մատուցած Ս. պատարագներուն:

Share this Article
CATEGORIES