Ֆութսալ. Բաժակի Մրցաշարք. Աւարտական Մրցումը Յետաձգուեցաւ Չորեքշաբթի, 20 Մարտին
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ Սատաքա եւ Լիբանանեան բանակ ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը:
Սատաքա 1-0 արդիւնքով յաղթեց Նըժմեթ Խալիժի, որ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն փենալթիով կոլ մը պիտի նշանակէր, սակայն այդ քայլին մէջ չյաջողեցաւ, որովհետեւ բերդապահ Սագօ Էսքիճեան զսպեց փենալթի-ի հարուածը:
Իսկ Լիբանանեան բանակը 3-2 արդիւնքով յաղթեց Պրուս Քաֆէի:
Սկզբունքով աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենար երէկ: Սակայն անիկա յետաձգուեցաւ չորեքշաբթի, 20 մարտին, յետմիջօրէին ժամը 16:30-ին: Անիկա տեղի պիտի ունենայ «Էմիլ Լահուտ» համալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):
CATEGORIES Մարզական

