Անթիլիասի Վեհարանի Դահլիճին Մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետ Արա Յարութիւնեան Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանահայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

(Լուսանկարները` PHOTO LUNA-ի)

«Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթց»-ի (ԱՌԻ) նոր ծրագիրներ սերտելու նպատակադրումով, Լիբանան ժամանած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան, որ երէկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Արդարեւ, երէկ` չորեքշաբթի, 20 մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ, ընդունեց Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեանը եւ իր անմիջական գործակիցները: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին վարչապետը լայն կերպով զեկուցեց Ղարաբաղի ձեռք ձգած յաջողութիւններուն եւ տնտեսական մարզին մէջ հետզհետէ արձանագրուող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին իրագործուելիք ծրագիրներուն մասին: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց նախագահին, վարչապետին եւ պետական պատասխանատուներուն` Ղարաբաղի հզօրացման ի նպաստ իրենց ունեցած կարեւոր ներդրումին համար:

Հանդիպումէն ետք վեհափառ հայրապետը ի պատիւ վարչապետին պաշտօնական ընդունելութիւն տուաւ վեհարանի դահլիճին մէջ` ներկայութեամբ Ազգային կեդրոնական վարչութեան, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ շուրջ երկու հարիւր գործարարներու:

Վեհափառ հայրապետը ներկաներուն առջեւ կարեւորութեամբ շեշտեց Ղարաբաղը հզօր պահելու հրամայականը` շեշտելով, որ «Ղարաբաղի հզօրութիւնը կարելի է ձեռք ձգել, երբ մեր ժողովուրդը կառչած մնայ իր հողին եւ կարելի եղածին չափ տնտեսական մարզին մէջ յաջողութիւններ ձեռք ձգէ: Վարչապետը դարձեալ Լիբանան եկած է այդ առաքելութեան համար, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները սատար հանդիսանան Ղարաբաղի հզօրացումի ծրագիրներուն եւ տնտեսական ներդրումներ կատարեն»:

Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ Ղարաբաղը ներկայութիւն եղած է մեր կեանքին, մեր սրտին, մեր մտածումներուն եւ երազներուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ երբ Ղարաբաղը թշնամիին լուծին տակ էր, իսկ Հայաստանը խորհրդային կարգերուն ենթակայ, սփիւռքի մէջ հայութիւնը միշտ ուզեց ունենալ Ղարաբաղով եւ Արեւմտահայաստանով ազատ եւ անկախ Հայաստան:

Արամ Ա. կաթողիկոսը աւելցուց, որ այս տեսլականը ազգային գաղափարախօսութեան ոգին ու միտքն էր, հաւատքն էր, եւ այս տեսիլքով սերունդներ դաստիարակուեցան եւ դաստիարակեցին, կազմաւորուեցան:

Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ հայութեան հաւաքական կամքին եւ հաւատքին շնորհիւ այսօր ունինք ազատ եւ անկախ Հայաստան ու Արցախ: Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Մեր ժողովուրդը հաւաքական իմաստութիւնը պէտք է ունենայ Ղարաբաղը ոչ միայն պահելու, այլեւ աւելի զարգացնելու»:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ կոչ ուղղեց ամրօրէն կառչած մնալու Ղարաբաղի հզօրացման առաքելութեան, որուն մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Ղարաբաղի անկախացումէն ի վեր հիմնական դեր ստանձնած է: Իր պատգամին աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս մեծապէս գնահատեց լիբանանահայութեան ջանքերը Արցախի վերականգնման աշխատանքներուն մէջ:

Ապա խօսք առաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան, որ նշեց, թէ երկու տարի առաջ լիբանանահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած է հանդիպում մը Քաշաթաղի շրջանի բարեկեցութեան գործի շրջագիծին մէջ, եւ այսօր, երկու տարի ետք աւելի քան 500 ընտանիք կ՛օգտուին «ԱՌԻ» ծրագիրէն: Ան ըսաւ, որ վերաբնակեցուած շրջաններու ընտանիքները ունեցան եկամուտ ապահովելու կարելիութիւններ:

Յարութիւնեան շեշտեց, որ նշեալ ծրագիրի սահմանները պէտք է ընդարձակուին եւ Լիբանանի օրինակը տարածուի այլ երկիրներու մէջ եւս: Ան յայտնեց, որ ազատագրուած տարածքներուն մէջ բնակչութիւնը պահպանելու խնդիրը գոյութիւն ունի, եւ այս գծով լիբանանահայութիւնը ունի իր գործուն մասնակցութիւնը:

Անդրադառնալով յառաջիկայ ծրագիրներուն` վարչապետ Արա Յարութիւնեան նշեց, որ ներկայիս բնակարանաշինութեան աշխատանք պէտք է կատարուի, քանի որ բնակարաններու բացակայութիւնը ակներեւ է, բնակչութիւնը կ՛աճի, ծննդաբերութեան թիւը կ՛աւելնայ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց «ԱՌԻ» ծրագիրին, ինչպէս  նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որոնք Արցախի մէջ ապրող հայորդիներուն ունեցած ապրումները ունին, նոյն մտահոգութիւնները եւ ոգին ունին:

Յայտնենք, որ վարչապետը յառաջիկայ օրերուն պիտի ունենայ շարք մը հանդիպումներ լիբանանահայ գործարարներու հետ` քննութեան առարկայ դարձնելու շարք մը ծրագիրներ, սերտելու լիբանանահայութեան ներդրումի կարելիութիւնները եւ ստեղծելու գործակցութեան նոր հորիզոններ:

Share this Article
CATEGORIES