ՄԻՆՉ ՌԻԱՏԻ ՊԷՅՐՈՒԹ ՍՏԱՑԱՒ ԻՐ ՏԻՏՂՈՍԸ. ԺԱԼԱԱ ՏՈՒԳԱՆՔԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՍԻՈՅ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ԿՈՂՄԷ
Ուրբաթ, 13 մայիսին, «Մոնրօ» պանդոկին մէջ (Այն Մրայսէ) Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնը տուաւ մամլոյ ասուլիս մը` յայտարարելու համար իր տուած վերջին ժողովին որոշումները:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուողներուն կարգին էին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան գործավար նախարար Ալի Ապտալլա, երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա եւ Թամմամ Սալամ, Միջազգային եւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէներու անդամ Թոնի Խուրի, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի այժմու նախագահ Ժորժ Պարաքեթ եւ նախկին նախագահներ, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալներ:
Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին լուսաբանեց, թէ ինչպէ՛ս սուրիական Ժալաա խումբը քաշուած էր Ռիատի Պէյրութի դէմ իր կատարած Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի աւարտական մրցումէն:
Ատոր պատճառով աւարտականի անոր մրցակիցը` Ռիատի Պէյրութ բնականաբար տիրացած էր տիտղոսին` նկատի ունենալով, որ սուրիական կազմը պարտուած հռչակուած էր դաշտ չներկայանալուն համար:
Ժալաա երեսուն հազար ամերիկեան տոլար տուգանքի ենթարկուելէ բացի երկու տարիով կախակայուեցաւ այս մրցաշարքին մասնակցելէ: Սակայն անոր արտօնուեցաւ այս տարի մասնակցիլ Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան:
Մամլոյ ասուլիսէն ետք ընդհանուր քարտուղարը` Յակոբ Խաչերեան, Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութեան տիտղոսը յանձնեց Ռիատի Պէյրութի նախագահ Հիշամ Ժարուտիի:
Աւարտին, Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յատուկ ընթրիքով մը պատուեց ներկաները: