Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Յաղթեց 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին

Երէկուան մրցումէն

Երէկ, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային եւ 21 տարեկանէն վար հաւաքականներուն միջեւ բարեկամական մրցումը:

Սկզբնապէս նախատեսուած էին 30 վայրկեան տեւողութեամբ 3 կիսախաղեր, սակայն անոնց փոխարէն խաղցուեցաւ երկու կիսախաղ, իւրաքանչիւրը` 35 վայրկեան:

Բնականաբար, ամբողջ մրցումին ընթացքին առաւելութիւն ունէր ազգային հաւաքականը, որ աւարտին տարաւ վերջնական յաղթանակը` 3-0 արդիւնքով: Էտկար Մանուչարեան նշանակեց երկու կոլ, իսկ Հենրիխ Մխիթարեան` կոլ մը:

Թէ՛ Վարդան Մինասեան եւ թէ՛ Ռաֆայէլ Նազարեան (21 տարեկանէն վար հաւաքականի մարզիչ) կատարեցին շարք մը փոփոխութիւններ` առիթը յարմար գտնելով փորձելու իրենց պահեստի մարզիկներուն կարողութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES