Գրաւի Գրասենեակները Կը Հաւատան Արթուր Աբրահամի Յաղթանակին
Այսօր` շաբաթ, 23 մարտին, գերմանական Մակտեպուրկ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար փոխվրէժի ճակատումը Գերմանիան ներկայացնող երկու մարզիկներու` WBO-ի գերմիջին դասակարգին մէջ հանդէս եկող հայ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամի եւ Ռոպըրթ Շթիքլիցի միջեւ:
Ըստ գրաւի գրասենեակներուն, անոնք այս հանդիպումին գլխաւոր թեկնածուն կը նկատեն հայ կռփամարտիկը:
Նշենք, որ անոնք երկուքը նախորդ տարուան ամրան ընթացքին իրարու դէմ յանդիման եկան:
Վերոնշեալ ճակատումին իրաւարարներուն որոշումով յաղթական դուրս եկաւ Աբրահամ, որ այսպիսով ախոյեանութեան գօտին խլեց Շթիկլիցէն:
CATEGORIES Մարզական

