Սփիւռքը Իր Ներկայ Դժուարութիւններով Եւ Կարելիութիւններով. Նպաստաւոր Իրողութիւններ
Բ. Փ.
Կեանքը միայն դժուարութիւններ չէ, որ կը հանէ սփիւռքի հայութեան առջեւ. կան նաեւ կարգ մը նպաստաւոր իրողութիւններ, որո՛նք եւս հետեւանք սփիւռքի կեանքի պայմաններուն:
Անցեալ քառորդ դարու ընթացքին մեծ չափով աւելցած են ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՄԻՋՈՑՆԵՐՆ ՈՒ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ: Աշխարհացրիւ հայութիւնը, իրարմէ հազարաւոր մղոններով հեռու գաղութներու մէջ կեդրոնացած հայութիւնը, ներկայիս աւելի դիւրաւ եւ աւելի յաճախ հաղորդակցութեան մէջ է այլ գաղութներու հետ: Օդանաւային ճամբորդութիւնները կորսնցուցած են առաջուան իրենց անմատչելիութիւնն ու վտանգաւոր բնոյթը. ընդհակառակն, անոնք, համեմատաբար, փոխադրութեան ամենաապահով միջոցն են. այս իրողութիւնը հետզհետէ թափանցած է մերօրեայ մարդկութեան մտածումէն ներս եւ ան այլեւս չունի առաջուան վերապահութիւնն ու վախը օդանաւային ճամբորդութեան վերաբերմամբ:
Սփիւռքի զանազան գաղութներու մշակութային միութիւնները (երբեմն առանց միութենական նպաստի, անհատական ձեռնարկները) իրարու հետ յարաբերութեան մէջ կը դնեն հայկական հեռաւոր գաղութները, մտաւորականներու, արուեստագէտներու, գրագէտներու, թատերախումբերու ճամբորդութիւններով եւ այլ գաղութներու մէջ ունեցած ելոյթներով. ինչ որ կը սերտացնէ ՍՓԻՒՌՔԻ ԶԱՆԱԶԱՆ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵԿԱՆ ԿԱՊԸ, կը դառնայ միաւորման յաւելեալ նպաստ, նոր թափի խթան, նոր աւիշ` կենսունակութեան:
Սփիւռքի մէջ անցուած յիսնամեակը եթէ մէկ կողմէ կը խլէ հայութենէն մէկ մասը իր զաւակներուն, միւս կողմէ` տուած է հայութեան նոր սերունդ մը, մէկ-երկու նոր սերունդ, որոնք իրական պատրաստութեան տէր են, մեծցած ըլլալով կեանքի բնական պայմաններու մէջ եւ ձեռք բերած ըլլալով անհրաժեշտ մասնագիտացումը` ուսումով կամ փորձառութեամբ: Պատրաստուած նոր սերունդ մը մեծ նպաստ մըն է սփիւռքի հայութեան գոյապահպանման (գոյապահպանումը պէտք չէ առնել կայուն (սթաթիք) պահպանման մը իմաստով, այլ, ընդհակառակն, գործօն, արտաքին աշխարհի հետ շփման մէջ եղող, տինամիք գոյութեան մը պահպանման իմաստով): Պատրաստուած նոր սերունդները ի վիճակի են տեսնելու, քննելու, լաւապէս ծանօթանալու կեանքի նոր պայմաններուն, այդ պայմաններէն բխող հրամայականներուն եւ կրնան գտնել այն ձեւերը, որոնք պիտի կարենան գոհացնել ե՛ւ կեանքի անմիջական պահանջները, ե՛ւ սփիւռքահայ կեանքի աւելի երկարատեւ գոյութեան համար կենսական պահանջները:
Միայն նոր սերունդները չեն որ պատրաստուած են այսօր պէտք եղած ձեւով, այլ նաեւ, մասամբ գէթ, այդ ազդեցութիւնը կրած են նաեւ սփիւռքահայ կեանքը վարող բոլոր ուժերը, բոլոր տարիքի սերունդները: Ներկայիս կարելի է ըսել, թէ սփիւռքի հայութեան ներկայով ու ապագայով հետաքրքրուող ամէն հայ անհատ, ի՞նչ կողմնորոշում ալ որ ունենայ, սուր կերպով կ՛անդրադառնայ սփիւռքին սպառնացող վտանգներուն, սփիւռքահայութեան կեանքի պայմաններու դժուարութեանց: Այդ անդրադարձումն իսկ նպաստաւոր իրողութիւն մըն է: Ճիշդ է, անդրադառնալը չի բաւեր` կարենալ անմիջապէս իրականացնելու համար այն, ինչ որ անհրաժեշտ է ու կարեւոր, սակայն նման անդրադարձումներէն է, որ կը ծնին նոր մտածումները, նոր ճիգերը եւ քայլ մը առաջ կը տանին նոր ճիգերու անհրաժեշտութեան մտածողութիւնը:
Սփիւռքի համար մեծ նպաստ մըն է նաեւ այլ փոքր ազգերու մղած պայքարը իրենց գոյութեան կամ իրենց ազատութիւնն ու անկախութիւնը ձեռք բերելու համար: Եթէ կարգ մը երկիրներ կորսնցուցած են իրենց ազատութիւնն ու անկախութիւնը, իբրեւ հետեւանք, Բ. Համաշխարհային պատերազմին, ուրիշ երկիրներ, փոքր ազգեր, ազգե՛ր, որոնք ո՛չ թիւով, ո՛չ պատմութեամբ, ո՛չ միջազգային իրաւունքներու ճանաչման տեսակէտէն տակաւին հայ ազգի իրավիճակին հասած են, նոյն աշխարհամարտէն ետք, հետզհետէ ձեռք բերին իրենց ազատութիւնն ու անկախութիւնը, տիրացան իրենց երկիրն ու ճակատագիրը իրենց ըմբռնած ձեւով վարելու իրաւունքին: Ուրիշներ փորձեցին, պայքարեցան, կռուեցան նոյնիսկ եւ ձեռք չձգեցին միջազգայնօրէն ընդունուած ճանաչում մը. սակայն պատմութեան մէջ ոտք դրին իբրեւ պահանջատէր եւ աշխարհի մեծ ու փոքր ազգերուն զգացուցին, թէ ԻՐԵՆՑ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐԱՊԷՍ Է, ՈՐ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԱԾ ԵՆ ԵՒ ԹԷ ՈՐՔԱՆ ԱՏԵՆ ՈՐ ՄԷԿ ՀԱՏԻԿ ԻՍԿ ԱԶԳ ԿԱՅ ՏԱԿԱՒԻՆ ԱՆԻՐԱՒՈՒԱԾ` ՎՏԱՆԳԻ ՏԱԿ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ ՄՆԱՑԵԱԼ ԲՈԼՈՐ ԱԶԳԵՐՈՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ, ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ: Հայը ականատես է այդ իրողութեանց, սփիւռքահայը քաջածանօթ է եւ գրեթէ ամէնօրեայ շփման մէջ նման երեւոյթներու, ձգտումներու, պայքարներու հետ: Զինք բաղկացնող տարրերը, մանաւանդ երիտասարդութիւնը, կը սկսին ըմբռնել, թէ ԻՐԵՆՔ ԵՒՍ ՀԱՄԱՀԱՒԱՍԱՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐ ՈՒՆԻՆ, ՆՄԱՆ ԱՅԴ ՄԻՒՍ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱԶԳԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ. ուստի չեն կրանր ՀԱՄԱԿԵՐՊԻԼ աշխարհացրիւ եւ իրաւազրկուած կացութեան մը, չեն կրնար ընդգրկել ձուլումի եւ օտարացման ճամբան, կարենալ ապրելու համար անհատական հանգիստ կեանք մը: Այդ միւս ազգերու օրինակը կը մղէ սփիւռքի հայութիւնը անդրադառնալու սեփական ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, ՍԵՓԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ, ՍԵՓԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ԱՄԲՈՂՋԱՑՄԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԵԱՆ:
Եւ երբ ազգ մը պայքարի մէջ է իր քաղաքական իրաւունքները ձեռք բերելու համար, անիկա ձուլուիլ չի կրնար, այլասերիլ չի կրնար: Կ՛այլասերին միայն անոնք, որոնք սեփական ազգին համար ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ԵՒ ԻՆՔՆԻՐԱՒ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԵՌԱՆԿԱՐԸ ՉՈՒՆԻՆ:
Վերջին տասնամեակը ցոյց կու տայ, թէ հայութիւնը, ամէն կողմ, աւելի ու աւելի գիտակից է իր քաղաքական իրաւունքներուն եւ պահանջատէր անոնց ամբողջացման: Նման մղում մը ինքնին մեծագոյն նպաստն է սփիւռքի կենսունակութեան պահպանման, իբրեւ ՀԱՅ ՍՓԻՒՌՔ:
Սփիւռքի կեանքին աշխուժացման համար նպաստաւոր իրողութիւն մըն է նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնը. հոգ չէ թէ ան ըլլայ թերի, խտրական ու միակողմանի:
Թերիները, խտրականութիւնը, միակողմանիութիւնը հետեւանք են Հայաստանի ղեկավար կուսակցութեան արուեստական միջոցառումներուն, ՀՅ դաշնակցութեան դէմ մղած պայքարին: Առաւելութիւնները, նպաստները, որ կու գան ներկայիս Հայաստանի յարաբերութիւններէն սփիւռքի հետ, կու գան հակառակ բոլոր թերիներուն, բոլոր սխալներուն: Անոնք կու գան, որովհետեւ ՀԱՅԸ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ Է ԾԱՅՐ ԱՍՏԻՃԱՆ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԻ ՀԵՏ ՈՒՆԵՑԱԾ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԱՆՅԱԳՕՐԷՆ ԿԸ ԾԾԷ ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՈՐ ՅԱԳՈՒՐԴ ԿՈՒ ՏԱՅ ԻՐ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ, ԱԶԳԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ, ԱԶԳԱՅԻՆ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ:
Էրեբունիէն Երեւան ցուցահանդէս մը Փարիզի մէջ, Վիկտոր Համբարձումեանի մէկ այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ, տեսակցութիւն մը ՈՒԻ-ԹԱՆի հետ, Արամ Խաչատրեանի մը երաժշտական ելոյթները, երգի ու պարի «անսամպլ»-ի մը պարած «Սարտարապատը», բանաստեղծին ու գրագէտին հայաշունչ խօսքը եւ բազմաթիւ այլ նման իրողութիւններ հայութիւնը կը զօրացնեն իր գոյապայքարին մէջ, կը կապեն զայն ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՇՂԹԱՅԻՆ: Նոյնը տեղի կ՛ունենայ, երբ սփիւռքի հայը կ՛այցելէ Հայաստան, կը տեսնէ շէն մայրաքաղաքը Հայաստանի, երկրին արձանագրած նուաճումները ճարտարարուեստի, գիտութեան եւ արուեստի մարզերուն մէջ, կառուցուած յուշարձանները, որոնք քիչ մը աւելի կը պողպատացնեն կամքերն ու հոգիները: Այս բոլորը անկասկած մեծ նպաստներ են այսօրուան սփիւռքի հայութեան համար, որպէսզի ան աւելի գօտեպնդուած շարունակէ իր կեանքը եւ իր պայքարը:
Նորութիւն մը չեն ՀՅ դաշնակցութեան դէմ մղուած հալածանքներն ու խեցեվճիռը (օսթրասիզմ): ՀՅ դաշնակցութիւնը հալածուած էր ցարական ռեժիմի օրով ալ: Մեծ պետութիւնները միշտ չէ որ ուղիղ կ՛ըմբռնեն իրենց տիրապետութեան տակ գտնուող ժողովուրդներու հոգեկան աշխարհը եւ կը գտնեն անոնց հետ վարուելու ուղիղ եղանակը: Իրենց սխալանքին մէջ յաճախ հալածանքի կ՛ենթարկեն այդ ժողովուրդներու ազգայնական ձգտումներուն արտայայտիչները (դաշնակցական ըլլան անոնք կամ հակադաշնակցական):
Սփիւռքի հետ յարաբերութեանց ընթացքին, Հայաստանի վարիչ ուժերուն կողմէ ՀՅ դաշնակցութեան հանդէպ ցոյց տրուած է վերաբերումը, սակայն, պէտք չէ նուազեցնէ արժէքը հայրենի հողէն ճառագայթող, հայրենի հողին վրայ ապրող ժողովուրդէն եկող ջերմութեան:
Կենսունակութեան աւիշը հողէն կը բարձրանայ. աշխարհացրիւ ու զրկուած զանգուածները հայրենի հողէն կրնան առնել իրենց սնունդը: Հողն ու իր վրայ ապրող ժողովուրդը նոյնացած են: Հողն ու իր վրայ ապրող ժողովուրդը դարերէն կու գան. անցաւոր չեն, մնայուն են: Մնայունն է միայն որ մնայուն կերպով սնունդն կրնայ տալ հայ հոգիներուն: Սփիւռքի հայութիւնը մտքով ու հոգիով իր արմատները պէտք է արձակէ դէպի հայրենի հողը ու խարսխէ ինքզինք հայրենի ժողովուրդի հոգիին մէջ: Եւ այս` հակառակ բոլոր այն ժխտական, բացասական ու վնասաբեր կեցուածքներուն, որ հայրենի երկրի վարիչները յաճախ, նոյնիսկ` տեւաբար, ցոյց կու տան հանդէպ հայոց պատմութեան վերջին ութսունամեակին եւ այդ ութսունամեակի ընթացքին հայ ժողովուրդի ձգտումները մարմնաւորող ՀՅ դաշնակցութեան:
Ժողովուրդի պատմութեան մասին պահուած պարտադիր լռութիւնները, անոր ձգտումներուն իրականացման համար պայքարող ՀՅ դաշնակցութեան հանդէպ որդեգրուած մերժողական կեցուածքն ու հալածանքը, կուսակցական հակադրութեան մը եւ սխալ ղեկավարուող քաղաքականութեան մը արդիւնքն են: Այդ հալածանքները ոչինչով կրնան խախտել հայ ժողովուրդի վստահութիւնը` հանդէպ ՀՅ դաշնակցութեան ու մանաւանդ ոչինչով կրնան նուազեցնել հայրենի շունչին բերած նպաստը սփիւռքի հայութեան, անոր գոյատեւման պայքարին եւ ազգային բոլոր իրաւունքներու ամբողջական տիրացման համար տարած աշխատանքներուն մէջ:
Շունչն ու ոգին հայրենի հողէն կու գան, կամքն ու վճռականութիւնը ազգէն կը ճառագայթեն: Մենք բոլորս անցողական ենք, յաւիտենականը ազգն ու հայրենիքն են: Սփիւռքի հայութիւնը ակնարկը միշտ ուղղուած պէտք է պահէ յաւիտենական արժէքներուն. անոնք է, որ իր մէջ կը դառնան ուժ ու կորով, կամք ու վճառականութիւն:
«Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»
7 մարտ 1971

