Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ֆաժըր, Իսլահ, Իրշատ Եւ Հմմ Փոխադրուեցան Գ. Դասակարգ

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցան Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ օֆի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ Ֆաժըր Արապսալիմ, Իսլահ Պըրժ Շիմալի, Իրշատ եւ ՀՄՄ փոխադրուեցան Գ. դասակարգ:

Գ. դասակարգ առաջին փոխադրուողը եղած էր Իրշատ, որ քաշուած էր ախոյեանութենէն, մինչ ՀՄՄ շաբաթէ մը ի վեր արդէն իսկ փոխադրուած էր Գ. դասակարգ, երբ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Ֆաժըր Արապսալիմէն:

Անոնց երկուքին միացան Ֆաժըր Արապսալիմ եւ Իսլահ, որոնք նախորդ շաբաթավերջին, 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին իրարու հետ:

Նշենք, որ Թատամոն Պէյրութ եւ Շեպիպեթ Մազրաա բարձրացան Բ. դասակարգ, իսկ Մապարրա եւ Սալամ Զղարթա` Ա. դասակարգ:

 

Share this Article
CATEGORIES