Ըստ Զուիցերիական Մամուլին Պարսելոնա Կը Պատրաստուի 25 Միլիոն Եւրօ Առաջարկել Հենրիխ Մխիթարեանի Համար

Իր լուրը քաղելով զուիցերիական «Կերութչէ Թիքըր» մարզաթերթէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ զօրացնելու համար իր յարձակողականը, Պարսելոնա կը պատրաստուի ամառնային արձակուրդին ընթացքին մեծ աշխատանք տանիլ` իր կազմին միացնելու համար Շախտիոր Տոնեցքի յառաջապահ Հենրիխ Մխիթարեանը: Կը խօսուի նաեւ Սանթոսի մաս կազմող պրազիլցի Նէյմարի մասին:

Ըստ զուիցերիական վերոնշեալ աղբիւրին, այս ամրան Մխիթարեան կը մտադրէ լքել ուքրանական իր ակումբը, հակառակ անոր որ ան մինչեւ 2015 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է այդ ակումբին հետ:

Եթէ պատահի, որ անոնք երկուքը միանան Պարսելոնայի, պիտի փոխարինեն Տաւիտ Վիյան եւ Ալեքսիս Սանչեսը:

Իր լուրը եզրափակելով` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» կ՛աւելցնէ, որ ըստ «տը Միրըր»-ի, 24 տարեկան Մխիթարեանով հետաքրքրուած են նաեւ Չելսի եւ Մանչեսթըր Սիթի:

Share this Article
CATEGORIES