Զաք Պօղոսեան Հպարտ Է Հաքիի Ազգային Լիկային Առաջին Հայը Ըլլալուն Համար

Իր լուրը քաղելով «Նիւ Եորք Հաքի Ժուռնըլ» մարզաթերթէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հաքիի ազգային լիկայի Վինեփեկ խումբին 22 տարեկան յետսապահ Զաք Պօղոսեան հպարտ է ըլլալու առաջին հայը` այս լիկային մէջ:

Լրատուամիջոցը կը նշէ, որ Զաքի նախահայրերը Հայաստանէն հեռացած են 1920-ականներուն սկիզբը:

Մարզաթերթը կը շարունակէ ըսելով, որ Պօղոսեան բնական աթլեթիք կառուցուածք ունենալով, կրնար իր հօր ուղիով երթալ եւ ամերիկեան ֆութպոլիստ դառնալ: Բայց ան որոշած է դառնալ հաքիիստ:

Զաք ըսած է, որ իր անունին մէջ հայկական բաժին մը ունենալով, ինքզինք մեծապէս հպարտ կը զգայ:

 

Share this Article
CATEGORIES