Աւագ Հինգշաբթին` Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ. «Ոտնլուայի Արարողութիւնը Սիրոյ Արտայայտութեան Նշան Է» Կ՛ըսէ Գեղամ Արք. Խաչերեան

Աւագ հինգշաբթի, 28 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:

Այս առիթով հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ սրբազան հայրը յայտնեց, որ Ոտնլուայի արարողութիւնը խոնարհութեան եւ համեստութեան նշան է, բայց խորքին մէջ սիրոյ արտայայտութեան նշան է: «Ոտնլուայի արարողութեան պատգամը մեզմէ իւրաքանչիւրին իրարու նկատմամբ ծառայութեան, խոնարհութեան, սպասարկութեան ոգիով, սիրելով իրարու օգնելն է», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ այս արարողութիւնը իրարու օգնելու, զիրար սիրելու օրինակ է: Քրիստոս չըսաւ զիրար սիրեցէք, չհրահանգեց, այլ ինքը օրինակ եղաւ բոլորին:

«Անկեղծ, մաքուր հոգին կը յաջողի միայն սիրով… Յիսուսի առաքելութեան պատճառը միայն Աստուծոյ սէրն է մարդոց նկատմամբ», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ այս արարողութիւնը իրարու նկատմամբ վերաբերմունքի արարողութիւն է: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը յորդորեց ներկաները իրենց հոգիներուն մէջ վառ պահելու քրիստոնէական բարեպաշտական ոգին, որ մեր նախահայրերուն ոգին է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES