Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ` «Ազդակ»-ի Թղթակիցին Վկայութեամբ
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ տեղեկացուց, որ անցնող շաբթուան ընթացքին դէպքերու զարգացումները յատկանշուած էին մայրաքաղաքի տարբեր շրջաններու վրայ պատահաբար ինկած հրասանդի հրթիռներու երեւոյթով:
Կիրակի, 24 մարտին, մօտ մէկ տասնեակ հրասանդի հրթիռներ ինկան մայրաքաղաքի բնակելի զանազան թաղամասերուն վրայ` Ապպասիին հրապարակին վրայ գտնուող շէնքերուն կողքին:
Միւս կողմէ, նմանօրինակ հրթիռներու թիրախ էին Օմայեան հրապարակին վրայ գտնուող պատկերասփիւռի կայանի շէնքը եւ անոր կողքը գտնուող բարձրագոյն կրթութեան նախարարութեան շէնքը, ուր նիւթական ծանր վնասներ կրեցին այդտեղ գտնուող ինքնաշարժները եւ շէնքերը:
Երկուշաբթի, 25 մարտին թիրախ էր Օմայեան հրապարակին վրայ գտնուող Օփերայի տունը, որ կրեց նիւթական վնասներ, իսկ պատկերասփիւռի կայանի շէնքին մօտ վիրաւորուեցան կայանի երկու նկարիչներ:
«Ազդակ»-ի թղթակիցը կը նշէ, որ հրասանդի հրթիռներէն մէկը հարուածեց նաեւ Պարամքէ շրջանին մէջ գտնուող ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան շէնքի կողքը:
Իսկ երէկ` հինգշաբթի, 28 մարտին, Դամասկոսի համալսարանի Ճարտարագիտութեան բաժանմունքի շէնքին վրայ ինկած հրասանդի հրթիռներուն պատճառով զոհ գացին աւելի քան մէկ տասնեակ ուսանողներ եւ վիրաւորուեցան ուրիշներ:
Անցնող օրերուն հրասանդի հրթիռներու հարուածներուն թիրախ դարձան նաեւ մայրաքաղաքի կեդրոնի տարբեր թաղամասեր` Ռըքնատտին, Ապպասիին Քարաժաթ, Պապ Շարքի, Քուսուր եւ այլն: Ռմբակոծումներուն իբրեւ արդիւնք կան նիւթական վնասներ եւ վիրաւորներ: Իսկ մայրաքաղաքի ծայրամասերէն Ժոպար շրջանը կը մնայ թնդանօթներու հարուածներու թիրախ` գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ:

