Յառաջիկայ 27 Յուլիսին Ռէալ Մատրիտ Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում Մը Պիտի Կատարէ Փարիզ Սեն Ժերմենի Դէմ
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 27 յուլիսին Ռէալ Մատրիտ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ:
Ռէալ Մատրիտի պաշտօնական կայքէջը կ՛աւելցնէ, որ այս մրցումը, որ կ՛իյնայ նոր տարեշրջանի պատրաստութիւններուն ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ շուէտական Կոթըպորկ քաղաքին մէջ:
Հակառակ անոր որ Ուլեվի մարզադաշտը կրնայ հիւրընկալել 46 հազար հանդիսատես, սակայն մինչեւ մրցումին ժամանակը բերդերուն ետին գտնուող թրիպիւնները պիտի ընդլայնուին` 8 հազար յաւելեալ համակիր ընդգրկելու համար:
Շուէտի մէջ նմանօրինակ մրցում մը հիւրընկալելու համար երկար ժամանակէ ի վեր աշխատանք կը տարուէր:
Դաշտին կազմակերպիչ յանձնախումբի ընդհանուր տնօրէն Աքփարի Աֆեն ըսաւ, որ այս մրցումին տոմսերը հրապարակ պիտի իջնեն յառաջիկայ 2 ապրիլէն սկսեալ:

