Ռաատ. «Ընտրական Որեւէ Նոր Օրէնք Պէտք Է Բոլոր Լիբանանցիներուն Համար Արդար Ներկայացուցչութիւն Ապահովէ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ երէկ յայտնեց, որ ընտրական որեւէ նոր օրէնք պէտք է բոլոր լիբանանցիներուն համար արդար ներկայացուցչութիւն ապահովէ, ինչպէս նաեւ երաշխաւորէ իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն միջեւ հաւասարութիւնը:

Ռաատ յայտնեց, որ Հըզպալլա պատրաստ է քննարկելու ամէն տեսակ ընտրական օրինագիծ, առանց այս կամ այն քաղաքական ուժին ներկայացուցած տարբերակը վեթոյի ենթարկելու:

Անդրադառնալով կազմուելիք նոր կառավարութեան` Ռաատ շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի իր ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու, յատկապէս ընդգծելով լիբանանեան ազգային գոյակցութեան կարեւորութիւնն ու արտաքին ուժերուն չանսալու անհրաժեշտութիւնը:

Ռաատ շեշտեց, որ կազմուելիք որեւէ կառավարութիւն պէտք է կառչած մնայ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազին:

 

Share this Article
CATEGORIES