Շաւարշ Քոչարեան Ընդունեց Մեհմանփարասթը

Ռամին Մեհմանփարասթ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան երէկ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր-պաշտօնական ներկայացուցիչ Ռամին Մեհմանփարասթը:

Քոչարեան նշեց, որ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայ – իրանական յարաբերութիւնները այսօր կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ, առկայ է պարբերական քաղաքական երկխօսութիւն, տնտեսական համագործակցութիւն, աշխուժ են մշակութային կապերը:

Քննարկուեցան շրջանային խնդիրները, ընդգծուեցաւ անոնց բացառապէս խաղաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին երկու երկիրներու լրատուամիջոցներուն միջեւ համագործակցութիւնը խթանելու ուղիներուն վերաբերեալ:

Share this Article
CATEGORIES