ԹԵՒԵԶ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ԼՔԷ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ

Քարլոս Թեւեզ (աջին)

Մանչեսթըր Սիթիի խմբապետ Քարլոս Թեւեզ երէկ անգլիական մամուլին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ շատ հաւանաբար լքէ իր կազմը եւ մեկնի իր հայրենիքը` Արժանթին, իր ընտանիքին աւելի մօտ ըլլալու համար:

35 տարեկան Թեւեզ, որ նախորդ դեկտեմբերին, այլ կազմի մը փոխանցուելու առաջարկ ներկայացուցած էր իր ակումբին, ըսաւ, որ ինք ոչ մէկ հարց ունի ոեւէ մէկուն հետ:

Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին յառաջապահը ըսաւ, որ իր տուած այս որոշումը հետեւանք է Անգլիոյ եւ Արժանթինի միջեւ գտնուած հեռաւորութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES