«Այսուհետեւ Ոեւէ Թուրք Քաղաքացիի Վարկաբեկումը Պիտի Չարտօնենք» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ «իր կառավարութիւնը կը ծրագրէ եւ կը ջանայ իրագործել մեծ նպատակներ»` վստահեցնելով, որ «այսուհետեւ ոեւէ թուրք քաղաքացիի վարկաբեկումը» պիտի չարտօնէ:

Ան պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «մայրաքաղաք Անգարայի մէջ յատուկ ուշադրութեան արժանի քաղաքացիներու գործի տրամադրման գծով արգելքներ չկան»: Ան ըսաւ, որ «այսուհետեւ ոեւէ թուրք քաղաքացիի վարկաբեկում, յուսահատութիւն կամ վախ պիտի չզգայ: Միասնաբար պիտի աշխատինք մեր մեծ նպատակները իրագործելու եւ իրենց կեանքի առաջին օրերուն մեր մանուկներուն պիտի սորվեցնենք հպարտութեան ու արժանապատուութեան զգացումները»:

Էրտողան նշեց, որ «Թուրքիա այլեւս այն երկիրը չէ, որ իր ներուժը ահաբեկչութեան եւ արհեստական մտավախութեանց վրայ կը մսխէ»` աւելցնելով, որ «Թուրքիոյ ներուժը զարգացման, ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ ժողովուրդի բարեկեցութեան պիտի յատկացուի»:

 

Share this Article
CATEGORIES