«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Հրապարակեց 2013 Տարեշրջանի Իր Յայտագիրը
Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» հրապարակեց 2013 տարեշրջանի իր յայտագիրը, որ կը սկսի յառաջիկայ շաբաթավերջին, երբ 13-14 ապրիլին տեղի կ՛ունենայ գարնանային 29-րդ ռելին:
20-21 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Արզի 22-րդ ռելին, իսկ 6-8 սեպտեմբերին` Լիբանանի 36-րդ միջազգային ռելին:
Բնականաբար, վերոնշեալներուն զուգահեռ տեղի պիտի ունենան Քարթինկի, սփիտ թեսթի, ինչպէս նաեւ լեռնային հանգրուանի եւ այլ մրցումներ:
CATEGORIES Մարզական

