Ծանրաբարձութիւն. Հայաստան 7 Ծանրորդուհիներով Կը Մասնակցի Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեանութեան
6-13 ապրիլին Թաշքենդի մէջ (Ուզպեքիստան) տեղի պիտի ունենայ աշխարհի երիտասարդներու ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստան` 7 ծանրորդուհիներով:
Հայաստանի աղջկանց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արտաշէս Ներսիսեան PanArmenian.Net-ի թղթակիցին յայտնեց, որ 4 ուսումնամարզական հաւաքներէ ետք հաւաքականը կը մեկնի Թաշքենդ:
«Բոլոր մարզիկներն ալ առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը մասնակցին միջազգային մրցաշարքի մը: Կարեւորը սակայն անոնց համար փորձառութիւն ձեռք ձգելն է` նկատի ունենալով, որ անոնք յառաջիկային պիտի ըլլան հաւաքականին հիմնական մարզիկները», ըսաւ մարզիչը:
Նշենք, որ աշխարհի ախոյեանութեան լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգողները առիթը կրնան ունենալ մասնակցելու պատանիներու ողիմպիական խաղերուն:
Ստորեւ` աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցող կազմը. Ծովինար Կիրակոսեան (58 քկ), Ռոզալիա Աւետիսեան, Աղունիկ Յակոբեան (63 քկ), Սոնա Պօղոսեան, Տաթեւ Մանուկեան (69 քկ), Արեւիկ Միրզախանեան եւ Հռիփսիմէ Պօղոսեան (69 քկ եւ վեր):
Անդրադառնալով Եւրոպայի ախոյեանութեան` Ներսիսեան ըսաւ, որ Հայաստան անոր իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ:

