ՕՔԱՄՓՕ ՔԱԶԶԱՖԻԻ, ՍԷՅՖՈՒԼ ԻՍԼԱՄԻ ԵՒ ԼԻՊԻԱԿԱՆ ԳԱՂՏՆԻ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԻՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Լուիս-Մորենօ Օքամփօ

Միջազգային քրէական դատարանի ընդհանուր դատախազ Լուիս-Մորենօ Օքամփօ Լիպիոյ ղեկավար գնդ. Մոամմար Քազզաֆիի եւ անոր որդիին` Սէյֆուլ Իսլամի դէմ մարդկութեան դէմ ոճիր գործելու ամբաստանութեամբ ձերբակալման գիր արձակեց: Օքամփօ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք նաեւ Լիպիոյ գաղտնի սպասարկութեան պետ Ապտալլա Սանուսիի ձերբակալումը պահանջած է:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը փետրուարին Օքամփոն լիազօրած էր պատերազմական ոճիրներու շուրջ հետաքննութիւն կատարելու:

Միւս կողմէ, Լիպիոյ վարչապետ Պաղտատի Մահմուտի ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Ապտալլա Խաթիպի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ լիպիական վարչակարգը պատրաստ է ՕԹԱՆ-ի օդային հարուածներուն դադրեցման զուգահեռ անմիջապէս զինադուլ հաստատելու: Ան ՕԹԱՆ-ը ամբաստանեց Լիպիոյ մէջ «խախտումներ ու բռնաբարումներ» գործելու յանցանքով:

 

Share this Article
CATEGORIES