ԱԿՆԱՐԿ. ՀԱՇՏԵՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ՄԵԿՆԱՐԿԷՆ ԱՌԱՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութիւններու ուղղութիւններուն վրայ յայտարարողական մակարդակով նշանակալի մօտեցումներ ցուցաբերեց:

Ներքին հարթութեան վրայ բնականաբար խօսքը կը վերաբերի ՀԱՔ-ի հետ սկսած բաց երկխօսութեան, ինչպէս պիտի բնութագրէր երկրի առաջին նախագահը: 1 մարտի դէպքերուն բացայայտումի հաւաստիացումը, Ազատութեան հրապարակի տրամադրումն ու քաղաքական բանտարկեալներու տակաւ ազատ արձակումը ներքին դաշտին մէջ լճացած որոշ իրավիճակներ փաստօրէն ալեկոծեցին: Քաղաքական վերլուծաբաններ նախագահին քայլը որակեցին ճատրակի քարի շարժում, որ կը ստիպէ հակառակորդին հակակշիռ քայլով հակազդել: Երկրի առաջին նախագահն է, որ առիթը պատեհ նկատեց իր ստեղծած անել փակուղիէն դուրս գալու` յայտարարելու համար, որ բաց երկխօսութիւն տեղի կ՛ունենայ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ, ինչ որ, ըստ իրեն, «մեր երազած պետութիւնն է»:

ՀԱՔ-ի առաջնորդին երազները կրնան շատ շուտով յօդս ցնդիլ, մանաւանդ որ յայտարարութիւնը քաղաքական առարկայական ու ճշգրիտ գնահատական տալէ աւելի փակուղիէ դուրս գալու միջոցի համար առիթը լիարժէք օգտագործելու համոզումը կը փոխանցէ: Այն փակուղին, ուր ինքզինքն ու իր շարժումը առաջնորդած էր Տէր Պետրոսեան առաւելապաշտ եւ մեղմ ըսելաձեւով` ոչ կառուցողական պահանջներ առաջադրելով: Կասկածէ վեր է, որ ՀԱՔ-ի ժողովուրդը լուրջ հարցականներու առջեւ է զինք առաջնորդողներուն հետապնդած բուն նպատակները հասկնալու եւ ապակողմնորոշուած ըլլալու տեսակէտէն: Արմատական ընդդիմութեան մօտ նկատուած փոփոխութիւնները ոճային չեն. բովանդակային են` համատարած համոզումով:

Արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւններու վրայ ի հարկէ արցախեան թղթածրարին եւ հայ-թուրք յարաբերութիւններուն կը վերաբերին նախագահ Սարգսեանի կատարած յայտարարութիւնները: Եւ եթէ առաջինի պարագային հիմնական նորութիւն չկայ, ապա երկրորդին պարագային կա՛յ: Հետեւեալն է. Հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացը կրնայ սկսիլ այն ժամանակ, երբ Թուրքիա ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Առանց ճանաչման հաշտեցում չի կրնար ըլլալ:

Յայտարարութիւնը պէտք չէ շփոթ ստեղծէ նախ ներհայկական դաշտին մէջ: Նոյն հարցազրոյցին մէջ նախագահ Սարգսեան փորձած է կանխել շփոթը: Այս չի նշանակեր, որ յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացն ու հաշտեցման գործընթացը նոյն բաներն են: Այս շփոթին կանխումը սակայն ներհայկական դաշտէն առաջ թրքական շահարկումի փորձերը կանխարգիլելու կը միտի: Անգարա ամենայն հաւանականութեամբ պիտի շահարկէ յայտարարութեան առաջին բաժինը` բարձրաձայնելու համար, որ Երեւանը նախապայմանային մօտեցում ունի յարաբերութիւններու բնականոնացման համար:

Տրամաբանութեան շղթային իրերայաջորդ օղակները կը սկսին յարաբերութիւններու հաստատումով եւ կը շարունակուին հաշտեցման գործընթացով: Յարաբերութիւնները արգելակողը նախապայմանային լեզուով խօսող Թուրքիան է: Այժմ կը յայտարարուի, որ եթէ նոյնիսկ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուին, հաշտեցումը չի կրնար ըլլալ առանց Ցեղասպանութեան ճանաչումին:

Հաշտեցումին համար Ցեղասպանութեան ճանաչումը բաւարար չէ: Նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի 90-ամեակին առիթով նախագահ Սարգսեան կը խօսէր Սեւրի պայմանագիրին եւ իրաւարար վճիռին իրաւական այժմէականութեան մասին: Հաշտեցման գործընթացը կրնայ սկսիլ միայն, երբ ճանաչումէն ետք իրաւական այժմէականութիւն ներկայացնող հատուցման թղթածրարը ամբողջանայ: 100-ամեակէն առաջ հարկ է համապետական եւ համահայկական տարողութիւններով յստակացնել հաշտեցման գործընթացին սկսելու մեր նախապայմանները:

«Ա.»

 

Share this Article
CATEGORIES