Հռոմի Պապը Կը Հրաւիրուի Պարսելոնայի Կատարելիք Ֆութպոլի Մէկ Մրցումին Ներկայ Գտնուելու

Իր լուրը քաղելով sport.es մարզաթերթէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Պարսելոնայի նախագահ Սանտրօ Ռոսել պաշտօնական նամակ մը ուղարկած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս Ա. պապին: Նամակին մէջ ան կաթողիկէներու հոգեւոր պետը կը հրաւիրէ «Նու Քափ»` Պարսելոնայի կատարելիք մրցումներէն մէկուն ներկայ գտնուելու:

Իր նամակին մէջ Ռոսել կ՛ըսէ, որ ինք իր մօր կողմէն արժանթինեան արմատներ ունի, իսկ Պարսայի կազմին մէջ են երկու արժանթինցիներ` Լիոնել Մեսսի եւ Խաւիէ Մասքերանօ:

Հայկական աղբիւրը կ՛եզրափակէ ըսելով, որ պապը նախապէս պատմած է ֆութպոլին նկատմամբ իր ունեցած հետաքրքրութիւններուն մասին:

Share this Article
CATEGORIES