Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ունիք ֆիզիքական լաւ տուեալներ, որոնցմով պիտի կարենաք արժեւորել ձեր ինքնութիւնը` տպաւորելով ձեր շուրջինները: Կրնաք նաեւ ունենալ ձեզի երանի տուողներ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ոչինչ ունիք մտահոգուելիք: Չարիքը ձեզի համար չէ, անհոգ եղէք: Օրը ունի հաճելի հանդիպումներ: Վայելեցէք ներկայացած առիթները:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բարեկամութիւնը միշտ կը փնտռուի, բայց ձեզի կը մնայ ընտրել լաւ բարեկամը: Բարեկամական հանդիպում մը պիտի ոգեւորէ ձեր օրը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Որոշեցէք ձեր ծրագիրը առանց երկմտութեան եւ առանց վախի: Ինչ որ պիտի ընէք, յաջողութեամբ պիտի պսակուի այսօր: Մնացէք ինքնավստահ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր նախազգացումները միշտ ներքին ուժ մը կը փոխանցեն ձեզի: Օրը ունի ձեր ճաշակը գոհացնող անցուդարձեր, բարեկամական մթնոլորտի մէջ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Բախտաւոր էք, պիտի փորձէք ձեր բախտը վիճակահանութեամբ կամ այլ նախազգացումի վրայ հիմնուած: Հաւատքով պիտի գործէք այսօր, պիտի օգտուիք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր շուրջիններուն հետ վարուեցէք պատշաճ վարմունքով, յարգանքով, ձեւով մը` առողջ դիւանագիտութեամբ: Օրը այս կը թելադրէ ձեզի:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Բաւարարուեցէք ձեր ունեցածով: Գարունը վայելեցէք ըստ կարելիութեան: Ունիք նորութիւններ եւ լաւ լուրեր արտասահմանէն: Մի՛ յուսալքուիք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Վերամիացէք ձեր այն բարեկամին, որ հեռացած կը թուի ձեզմէ: Հաշտ ապրելու եւ ներողամիտ գտնուելու ջանք ըրէք: Կը սիրուիք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր սիրային զգացումները արտայայտելու մի՛ քաշուիք: Օրը կը պահանջէ համարձակ ըլլալ: Ըրէք այնպէս, որ զղջում չունենաք: Օրը ձեռնտու է:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Խնամեցէք ձեր արտաքին տեսքը, ներկայանալի երեւնալը մաս կը կազմէ յաջողութեան գաղտնիքին: Անփոյթ մի՛ ըլլաք, այլ տուէք օրուան իրաւունքը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր կարողութիւնները մի՛ թերագնահատէք: Մնացէք ձեր աշխատանքով, առանց տրտնջալու: Օրը պիտի աւարտէք ուրախ եւ արդիւնաւէտ:

 

Share this Article
CATEGORIES