Ուժգին Պայթում` Դամասկոսի Շահպանտար Թաղամասին Մէջ
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ երէկ կէսօրին Դամասկոսի կեդրոնի հրապարակ` Սապաա Պահրաթի մօտ գտնուող Շահպանտար թաղամասին մէջ ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ: Ահաբեկչական պայթումը պատճառեց աւելի քան 15 զոհ եւ 100 վիրաւոր, այրեցան նաեւ բազմաթիւ ինքնաշարժներ` ըստ ՍԱՆԱՅ լրատու գործակալութեան:
Նշենք, որ հրապարակին վրայ կը գտնուին կեդրոնական դրամատունը եւ այլ պետական շէնքեր, դպրոց եւ մզկիթ: Նոյն շրջանին մէջ կը գտնուին նաեւ կարգ մը դամասկահայերու բնակարանները եւ խանութները, որոնցմէ քանի մը բնակարաններ կրեցին նիւթական վնասներ:
CATEGORIES Գաղութային

